16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը բացասական եզրակացութիւն տուաւ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի ներկայացուցած Ընտանեկան օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին: Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Արսէն Մանուկեան նշեց, որ Ուրիխանեան նախագիծով կ՛առաջարկէ Ընտանեկան օրէնսգիրքին մէջ ամուսնութիւններու կնքման շարքին լրացնել նոյն սեռի անձերու միջեւ ամուսնութիւններու կնքման արգելքը: Այդպիսով պիտի բացառուի նոյն սեռի անձերու միջեւ ամուսնութիւններու կնքումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
«Սահմանադրութեան 35րդ յօդուածի առաջին մասով արդէն իսկ կը սահմանուի, որ ամուսնութիւնը հնարաւոր է կնոջ եւ տղամարդու միջեւ: Բացի այդ, ամուսնութեան համար անհրաժեշտ պայմանները ամրագրուած են նաեւ Ընտանեկան օրէնսգիրքի 10րդ յօդուածով, որուն համաձայն՝ ամուսնութեան կնքման համար անհրաժեշտ են ամուսնացող տղամարդու եւ կնոջ փոխադարձ կամաւոր համաձայնութիւնը եւ անոնց ամուսնական՝ 18 տարիքը հասնիլը», ըսաւ փոխնախարարը:
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով այդ հարցերը արդէն լուծուած են՝ կառավարութիւնը մերժեց Ուրիխանեանի առաջարկած փոփոխութիւնները:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, շահարկումներէ խուսափելու եւ պարզաբանում կատարելու համար հետաքրքրուեցաւ. «Հիմա ենթադրենք երկու տղամարդ կամ երկու կին կ՛երթան քաղաքացիական ամուսնութեան վայր ու կ՛ըսեն. «Մենք կ՛ուզենք ամուսնանալ», կա՞յ արդեօք օրէնսդրական որեւէ ճանապարհ կամ կարելիութիւն, որ անոնց ամուսնութիւնը արձանագրուի»:
Փոխնախարարը ըսաւ, որ օրէնքով նման կարելիութիւն չկայ. Սահմանադրութեան 35րդ յօդուածով յստակ կը նշուի, որ ամուսնութիւնը տղամարդու եւ կնոջ՝ իրենց կամքով միասնութիւնն է:
asbarez.com/arm/330718/