17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Պաշտօնական Երեւանը իր առջեւ դրած է առաջադրանք` 9 դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները աննախադէպ կազմակերպելու եւ կայացնելու առումով: Աննախադէպ ո՛չ միայն Հայաստանի վերանկախ հանրապետութեան պատմութեան մէջ, այլ նաեւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին միջազգային ամէնէն բարձր նշաձողերը նուաճելով:
Եթէ ներհայաստանեան մակարդակով Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի եզրակացութիւնը, բողոքարկումներու բացակայութիւնը, բայց մանաւանդ հասարակութեան համոզուածութիւնը բաւարար կը նկատուին ընտրութիւններու աննախընթացութիւնը արձանագրելու, ապա միջազգային մակարդակի վրայ հանրային կարծիքը եւ մանաւանդ դիտորդական առաքելութիւններու եզրակացութիւնները այլ արժեչափեր ունին բարձրագոյն նշաձողեր նուաճած ըլլալու գնահատականներ տալու համար:
Ներհայաստանեան ընտրական մշակոյթը առաւելաբար կը կեդրոնանայ ընտրութեան օրը, քուէարկութեան եղանակին, նկարահանման տեսախցիկներու աշխատելուն, օգտագործուած մելանի որակին, կրկնաքուէարկութիւններու բացառումին, աւանդութիւն դարձած կառուսելներուն, նկարելուն, ընտրակաշառքին, լցոնումներուն, ընտրազանգուածներու մէկ ընտրատեղամասէն միւս ընտրատեղամաս փոխադրուելուն, մահացածներու մասնակցութեան եւ նման մեքենականութիւններու եւ ուղղորդումներու բացառման հրամայականին վրայ` եզրակացնել կարենալու համար, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները աննախադէպ էին իբրեւ ազատ, արդար եւ թափանցիկ:
Ընտրական առաջադրուած մշակոյթը սակայն, որ նաեւ միջազգային ընկալումներ ունի, չի սահմանափակուիր ընտրութեան օրը քուէարկութեան եղանակներուն վրայ: Քաղաքակիրթ ընդհանուր համակարգի մը մասին է խօսքը, որ կը սկսի նախընտրական արշաւներէն, նկատի կ՛ունենայ անոնց ընթացքին հնչող հռետորութիւնը, օգտագործուած բառապաշարը, մրցակիցներու հանդէպ յայտարարուող մեղադրանքներու հիմնաւորեալ ըլլալը, բանավէճերու կազմակերպումը, բոլորին մասնակցութիւնն ու հաւասար կարելիութիւնները, ծրագիրները, այդ ծրագիրներու արհեստավարժ բնոյթն ու որակը եւ ընտրազանգուածին տեղեկացուածութեան ու մասնակցութեան համեմատութեան աստիճանաչափերը: Անշուշտ այս բոլորին վրայ` վերը նշուածները:
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները որքան ալ անհամեմատելի եզրեր ունենան համապետական ընտրութիւններուն հետ, այսուհանդերձ կայացման եղանակի առումով կրնան համեմատուիլ 9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիքին հետ. անոնք իրականացուցին առաջին բաժինը:
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, երկրորդ բաժինի իրականացման մէջ չօգնեց նախընտրական արշաւներու ընթացքին օգտագործուած բառապաշարը, ոճը: Բացակայեցան ծրագիրներու ներկայացումներն ու բանավէճերու կազմակերպումը: Հնչեցին փոխադարձ սուր եւ ոչ հիմնաւորեալ մեղադրանքներ, Երեւանի հարցերու լուծման համար ներկայացուող առաջարկները չհամոզեցին անոնց մասնագիտական որակին նկատմամբ ընտրական իրադարձութիւններուն հետեւողը:
Այս բոլորով հանդերձ, քաղաքապետական ընտրութիւնները ինչպէս հայաստանեան բոլոր կողմերուն, նաեւ միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն կողմէ յայտարարուեցան ազատ, արդար եւ թափանցիկ: Իրաւամբ այդ ընտրութիւնները իրագործած էին ընտրական մշակոյթի առաջին բաժինը` քուէարկութեան եղանակի վերաբերող մասը:
Հիմա պաշտօնապէս բարձրացուած է ակնկալութեան առաստաղը` նաե՛ւ միջազգային նշաձողեր իրականացնելու հրամայականով: Այս կ՛ենթադրէ ամբողջ մշակոյթի շատ արագ կենսագործումը` նախընտրական արշաւի առաջին օրէն սկսեալ:
Ամբողջ հանրապետութիւնը անցումի դժուար փորձը կատարելու իրականութեան առջեւ է արդէն: Շաբաթ մը ետք կը սկսին նախընտրական արշաւները: Մասնակից կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու ներկայացուցիչները անհրաժեշտ է, որ ներկայանան խորհրդարանական հետագայ գործունէութեան ծրագիրներով, հաւասար կարելիութիւններով մասնակցին բանավէճերու, նոյն համահաւասարութեամբ հանդիպին ընտրազանգուածներու լսարաններուն հետ, կշռադատեն խօսքերը, հռետորութիւնը եւ խուսափին անհիմն մեղադրանքներէ իրար հանդէպ: Համակողմանի առաջադրանքի վերածել նաեւ ժողովուրդի մասնակցութեան համեմատութեան բարձրացումը:
Քաղաքական տրամաբանութեան մօտեցումներ կան, որ միջազգային ընտանիքը արդէն իսկ տրամադրուած է ընտրութիւններուն փայլուն գնահատականներ տալու: Ի վերջոյ նման գնահատականներ իրաւաքաղաքական են, աւելի քան զուտ իրաւական, չըսելու համար երբեմն զուտ քաղաքական:
Այս բոլորով հանդերձ կարեւորագոյն առաջադրանքը պէտք է շարունակէ մնալ ժողովուրդի համոզուածութիւնը, ընտրուող խորհրդարանին` զինք ներկայացուցած ըլլալու: Խնդիրը միայն իշխանութիւններու օրինականութեան չի վերաբերիր, այլ իշխանութիւն-հասարակութիւն անջրպետի վերացման եւ դէպի համակարգային փոփոխութիւններ կարեւոր ճանապարհ հարթելուն:
aztagdaily.com/archives/416799