Սուրիական Բանակը Սկսած Է Հարուածել Իտլիպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Գտնուող Զինեալներու Դիրքերը

19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիական զինուորական բարձրաստիճան աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սուրիական բանակը շաբաթ առաւօտէն սկսած է հրետանիով եւ առատ հրթիռակոծումով «ճշգրիտ հարուածներ» հասցնել Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջաններու շարք մը գիւղերու, որոնց շարքին Թահ, Ժարժանար, Թամանիհա, Սաքիք եւ Ուայպատա գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալներու դիրքերուն:

Աղբիւրը նշած է, որ այդ դիրքերը կը գտնուէին սուրիական բանակի թիրախներու ցանկին վրայ եւ կը ներառեն զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոցներ, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումներու կարեւոր դիրքեր:

Սուրիական բանակէն աղբիւր մը նախապէս հաղորդած էր, որ յաջողած է ձախողութեան մատնել Թիւրքմենական իսլամական կուսակցութեան Սուքուր Ղապ ջոկատի զինեալներուն մասնակցութեամբ յարձակում մը, որ շղթայազերծուած է Սարմանիէի մէջ իրենց դիրքերէն դէպի Ղապի դաշտի եւ Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն միջեւ երկարող սուրիական բանակի կէտերուն ուղղութեամբ:

aztagdaily.com/archives/416892

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail