Վալերի Պուայէ. Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայերու Ժառանգները Ստիպուած Էին Հանդուրժելու Թուրք Ազգայնականներու Ժամանումին

08 հոկտեմբեր 2015

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ Հոկտեմբեր 7-ին գրաւոր հարցում մը ուղղած է Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսին` դժգոհութիւն եւ տարակուսանք յայտնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի` Սթրազպուրի մէջ ունեցած ազգայնական հաւաքի առիթով: Հարցումին բնագիրը Պուայէն հրապարակած է Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

Մասնաւորապէս, բնագրին մէջ կ՛ըսուի, որ Հոկտեմբեր 4-ին էրտողանին առաջարկած են, Պուայէի ձեւակերպումով` «մարդու իրաւունքներու մայրաքաղաք Սթրազպուրկի» մէջ եւրոպաբնակ թուրքերուն հետ էթնիկ-կրօնական շարժառիթներով ունենալ հանդիպում մը, որուն ներկայ եղած է մօտ 15 հազար համակիր:

«Միլիոնաւոր միացեալ ձայներ` ընդդէմ ահաբեկչութեան» խորագիրով հանդիպումին, ըստ կազմակերպիչներուն, մասնակցած են Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, ինչպէս նաեւ` Պելճիքայէն ու Զուիցերիայէն ժամանած քաղաքացիներ:

«Հանդիպման առիթով, որու ընթացքին կանայք եւ տղամարդիկ առանձին նստած են դահլիճին մէջ, էրտողան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ըրած է պահպանել իրենց մշակոյթը` այդպիսով դիմակայելով ձուլման: Գրեթէ երկու ժամ Էրտողան իսլամական-ազգայնական բնոյթի ելոյթ ունեցած է` անդրադառնալով նաեւ ահաբեկչութեան թեմային` միեւնոյն ժամանակ չյիշատակելով «Իսլամական պետութիւն»-ը,- նշած է Պուայէ:

«1915 թուականի փախստականներու ժառանգները, որոնք ներկայիս կը բնակին ֆրանսական հողի վրայ, ստիպուած հանդուրժած են ամբողջ Եւրոպայէն թուրք ազգայնականներու ժամանումը` համընդհանուր անտարբերութեան հիմքի վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Թուրքիան տակաւին չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: Կը ցանկայի իմանալ, թէ ինչպէ՞ս կարող էր այդպիսի հանդիպում իրականացուիլ մեր երկրին մէջ: Կը ցանկայի իմանալ Կառավարութեան դիրքորոշումը ֆրանս-թրքական յարաբերութիւններու շուրջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail