
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անցած 6 ամիսներուն ընթացքին տնտեսական ոլորտին մէջ կառավարութեան ամենամեծ յաջողութիւնները կը համարէ մենաշնորհներու վերացումը, կաշառակերութեան եւ ստուերի դէմ պայքարը: Այդ մասին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, Նոյեմբեր 20-ին, կառավարութեան հրաւիրած ասուլիսին ընթացքին:
«Կը տեսնենք բաւական աշխոյժ ներդրումային իրադարձութիւններ, վիճակագրօրէն չեմ կրնար ըսել, սակայն ակնյայտ է, որ կայ հետաքրքրութիւն: Մեր խնդիրն է՝ այդ հետաքրքրութիւնները վերածել արդիւնքներու: Տնտեսական ոլորտի մէջ ամենամեծ յաջողութիւնը կը համարեմ մենաշնորհներու վերացումը, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր համարուած է տնտեսական զարգացման առանցքային խոչընդոտը: Երկրորդ յաջողութիւնը կը համարեմ կաշառակերութեան դէմ պայքարը, որ կրկին տասնեակ տարիներով տնտեսութեան զարգացման կարեւորագոյն խոչընդոտներէն էր: Յաջորդը կը համարեմ ստուերի դէմ պայքարը՝ 37 հազար աշխատատեղ ստուերէն դուրս եկած է եւ անոնք հրապարակային դաշտի վրայ գործող աշխատատեղեր են: Ատոր 90 տոկոսը եւ հաւանաբար աւելին, նախապէս եղած աշխատատեղերն են, սակայն այստեղ ալ կան նոր աշխատատեղեր»,- ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:
Նիկոլ Փաշինեան տնտեսական ոլորտին մէջ ամենամեծ ձախողումը եւ խնդիրը կը համարէ հանքարդիւնաբերութեան շուրջ քաղաքականութիւնը, զոր նոյնպէս կը կարծէ, թէ կը բխի Հայաստանի ազգային շահերէն: «Անիկա որոշակի բացասական հիմք կը ստեղծէ ներդրումային միջավայրին համար, սակայն համոզուած եմ, որ ներդրումային այդ հիմքը անպայման պիտի վերականգնուի: Շարք մը խոշոր տնտեսվարողներու հետ կապուած քննութիւն կ՝ընթանայ, եւ բնականաբար մեր այդ գործողութիւնները որոշակի անհանգստութիւններ կ՝առաջացնեն: Բայց մենք անմիջական կերպով կ՝աշխատինք մեր արտաքին գործընկերներուն ներկայացնելու մեր շարժառիթները, որպէսզի ներդրումային այդ զգացողութիւնը չըլլայ»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեան:
Անոր խօսքով՝ խնդիրներ կան «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան գործունէութեան, «Հիւսիս-հարաւ» եւ այլ նախագիծերու առնչութեամբ: «Այս բոլոր հարցերուն մէջ ներգրաւուած են հեղինակաւոր ծանրակշիռ կազմակերպութիւններ, բայց մենք մտադիր ենք հետեւողականօրէն մեր երկրի շահերը պաշտպանելու»,- ընդգծեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
yerakouyn.com/2018/11/21/





