05 հոկտեմբեր 2015
Լիւպա ՄաթեւոսեանՀոկտեմբեր 4-ին Ախալցխայի Վահրամ Գայֆէճեանի անուան ստեղծագործողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած է Լիւպա Մաթեւոսեանի գիրքի շնորհանդէսը` նուիրուած 1918թ. Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան: Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը:
Շնորհանդէսին ներկայ եղած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը, Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն Վարդապետ Սալբիեանը, Մառնէուլիի շրջանի հոգեւոր առաջնորդ Տէր Խորէնը, Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Տէր Թորգոմը, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի գրասենեակի ղեկավար Սամուէլ Մկոյեանը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ:
Շնորհանդէսի ժամանակ Լիւպա Մաթեւոսեանը հաւաքուածներուն մանրամասն ներկայացուցած է իր աշխատանքը Ախալցխայի 1918թ. հերոսական ինքնապաշտպանութեան գիրքին վրայ, անդրադառնալով այդ ժամանակաշրջանի բազմաթիւ հերոսներուն, որոնց պատմութիւնները տեղ գտած են իր նոր գիրքին մէջ:
Գիրքի շնորհանդէսին ժամանակ ելոյթով հանդէս եկած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը, Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն Վարդապետ Սալբիեանը, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի գրասենեակի ղեկավար Սամուէլ Մկոյեանը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ: Բոլորը միանշանակ շատ բարձր գնահատած են Լիւպա Մաթեւոսեանի նոր գիրքը, որ կը պատմէ 1918թ. Ախալցխայի հերոսական ինքնապաշտպանութեան մասին:
http://akunq.net/am
http://www.yerakouyn.com