Սէուտցի Գործարարները Որոշած Են Պոյքոթի Ենթարկել Թրքական Ապրանքներն Ու Կոչ Կ՛ուղղեն Չայցելելու Թուրքիա

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱՇԽԱՐՀ:

Սէուտցի շարք մը գործարարներ որոշած են պոյքոթի ենթարկել Թուրքիան` «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հակաթրքական արշաւ սկսելով: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան առնչութեամբ սէուտական կողմը բարդ կացութեան մէջ դրած Թուրքիան բարկացուցած է սէուտցի գործարարները, որոնք սկսած են կոչ ուղղել չգնելու թրքական ապրանք եւ չայցելելու Թուրքիա:

Կը նշուի, որ անոնց կոչերը տասնեակ հազարաւոր արձագանգներ գտած են համացանցին վրայ, թէեւ չի բացառուիր, որ կոչերը տարածողները կրնան կեղծ ըլլալ եւ ղեկավարուիլ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ սէուտցիները Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներուն բաւական լուրջ տոկոսը կը կազմեն. բացի զբօսաշրջութենէն ու առեւտրական ճամբորդութիւններէն, բազմաթիւ սէուտցիներ Թուրքիա կ՛այցելեն նաեւ բժշկական ծառայութիւններէ օգտուելու նպատակով:

aztagdaily.com/archives/417179

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail