«Իրաք Ստիպուած Չէ Յարգելու Իրանի Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի վարչապետ Ապտել Ապտել Մահտի յայտարարեց. «Իրաք մաս չի կազմեր Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներու համակարգին, եւ Պաղտատ ստիպուած չէ զանոնք յարգել»:

«Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները ՄԱԿ-եան չեն, ատիկա ամերիկեան որոշում մըն է, որ կը վերաբերի անոր քաղաքականութեան եւ իրաքեան որոշում մը չէ», ըսաւ ան:

«Մենք նաեւ մաս չենք կազմեր այլ պետութիւններու դէմ որեւէ այլ յարձակումի, որովհետեւ կան երկիրներ, որոնք Արեւմուտքի կամ Միացեալ Նահանգներու դէմ թշնամանք ունին: Մենք մաս չենք կազմեր պետութիւններու շահերը հարուածելու համար կազմուած որոշ համակարգերու, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ ներկայութիւն ունեցող, բացառութեամբ Իրաքի դէմ յարձակում գործող ահաբեկչական կողմերը, որեւէ երրորդ կողմ թիրախ դարձնող կողմի մաս չենք կազմեր», յայտնեց Իրաքի վարչապետը:

Նշենք, որ Իրաք Իրանէն կազ կը ներածէ ելեկտրակայաններուն համար, ինչպէս նաեւ Իրանէն կը ներածէ բազմաթիւ ապրանքներ, ներառեալ պարէն, երկրագործական արտադրութիւններ, օդափոխիչներ եւ ինքնաշարժներու բաղադրիչ մասեր:

aztagdaily.com/archives/417198

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail