Դաւիթ Տօնոյեան Աֆղանիստանի Մէջ Այցելեց Հայ Խաղաղապահներուն

22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

21 Նոյեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան հայկական զօրախումբի հրամանատարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց ռազմակայանին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութեան եւ մարտական հերթապահութեան վայրերը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Դաւիթ Տօնոյեան ծանօթացաւ առանձին հերթապահութեան իւրայատկութիւններուն:

Ապա ան այցելեց ռազմակայանի հիւանդանոց, ուր ծառայութիւն կ՛իրականացնէ նաեւ հայ զինուորական բժիշկը։ Վերջաւորութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպում ունեցաւ ամբողջ անձնակազմին հետ: Հանդիպման ընթացքին ան անձնակազմին ներկայացուց Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացները, Զինուած ուժերու բարեփոխումներու կարեւոր կէտերը: Քննարկուեցաւ բարեփոխումներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ այսպիսի առաքելութիւններու նշանակութիւնը: Զինծառայողները ուղղեցին զանազան հարցումներ, որոնց պատասխանեց Դաւիթ Տօնոյեան», կը գրէ Յովհաննիսեան:

Հանդիպման աւարտին նախարարի պաշտօնակատարը իր եւ երկրի ղեկավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայ խաղաղապահներուն՝ իրենց բարձր որակի ծառայութեան համար:

asbarez.com/arm/331172/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail