Հայաստանի Վրայ Յարձակումը Պատրաստող Ռուս-Թրքական Դաշնագիր. Օգոստոս, 1920

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ԹԱԹՈՒԼ ՀԱԿՈԲՅԱՆ 09 հոկտեմբեր 2015

ali-fouaad-pacha
Ալի Ֆուադ Ջեբեսոյ

Մոսկուայի մեջ ռուսեւթուրք պատուիրակներու միջեւ կատարուած բանակցութիւններու հետեւանքով 1920 Օգոստոս 24ին ստորադրուեցաւ դաշնագրի նախագիծ մը, որու հիման վրայ՝ ճիշտ ամիս մը ետք, Սեպտ. 23ին, սկսաւ թրքական բանակի արշաւանքը Հայաստանի վրայ: Ահա այդ դաշնագիրը, որ առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուեցաւ Մոսկուայի թուրք դեսպան զօր. Ալի Ֆուատի յուշերուն մէջ (էջ 80):

ՅՕԴՈՒԱԾ 1 . – Ստորագրող կողմերը սկզբունքով կ’ընդունին չճանչնալ խաղաղաութեան որեւէ դաշնագիր կամ պետական որեւէ յանձնագիր՝ որ բռնօրէն պարտադրուած է միւս կողմէն, Ռուսիոյ Հանրապետութիւնը կ’ընդունի բացարձակապէս չճանչնալ պետական որեւէ համաձայնագիր որ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ որ վաւերուացուած չէ թուրք ազգային կառավարութեան ներկայացուցիչ Ազգ. Մեծ ժողովին կողմէ:

ՅՕԴՈՒԱԾ 2 .- Ստորագրող կեղմերը կը հաստատեն, թէ երկու երկիրներու միջեւ ցարդ ստորագրուած բոլոր դաշնագիրները չեն համապատասխաներ իրենց ազգային իսկական շահերուն եւ, հետեւաբար, կ՛որոշեն զանոնք միանուագ եւ բոլորովին չեղեալ նկատել:

ՅՕԴՈՒԱԾ 3 .- Ապահովելու համար երկու երկիրներու յարաբերութեանց անարգել եւ անընդմէջ շարունակութիւնը բոլոր պարագաներու մէջ, ստորագրող կողմերը կ՛երաշխաւորեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցները ձեռք առնել, կարելի եղածին չափ շուտ եւ ամէն կարգի արգելքէ զերծ անձերու կամ ապրանքի տեղափոխութիւնը ապահովելու համար:

ՅՕԴՈՒԱԾ 4 .- Ստորագրող կողմերէն մէկուն հպատակները՝ ստորագրող միւս կողմի հողերուն մէջ, տեղական օրէնքներով ընդունուած բոլոր իրաւունքներէն պիտի օգտուի եւ նոյն օրէնքներով նախատեսուած բոլոր պարտականութիւնները կատարելու յանձնառու պիտի ըլլան: Բացառութիւն կը կազմեն միայն ազգային պաշտպանութեան վերաբերեալ տրամադրութիւնները:

Երկու կողմերու հպատակներուն ընտանեկան եւ ժառանգական խնդիրները եւս այս յօդուածի տրամադրութենէն մը պիտի մշակուի հետագային:

ՅՕԴՈՒԱԾ 5 .- Ստորագրող կողմերը համաձայն են, որ փոխադարձաբար իրենց հողերուն վրայ բնակող հպատակներուն հանդէպ առաւելագոյն թոյլատուութիւններ եւ դիւրութիւններ ցոյց տան:

ՅՕԴՈՒԱԾ 6 .- Ստորագրող կողմերը համաձայնաբար կ’ընդունին, բոլոր ազգերու առեւտրական նաւերուն Նեղուցներէն ազատ անցքի իրաւունք տալու նպատակով ճշդել նեղուցներու եւ Սեւ ծովու յատուկ միջազգային օրէնքները, պայմանաւ որ այդ օրէնքներու տրամադրութիւնները որեւէ կերպով չվնասեն Թուրքիոյ ամբողջական վեհապետութեան եւ մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ ապահովութեան: Այս օրէնքներու մշակումը պիտի վստահուի շահագրգռուած պետութեանց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յառաջիկային գումարուելիք խորհրդաժողովի մը:

ՅՕԴՈՒԱԾ 7 .- Այս համաձայնագրի վաւերացումէն ետք, պիտի ձեռնարկուի հիւպատոսական եւ դեսպանական յարաբերութեանց հաստատումին, առ այդ կնքելով նաեւ նոր համաձայնագիր մը:

Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 255-256

http://www.aniarc.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail