Հաւատքի եւ Հայրենակցական մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ Հարմանտայեան Արմենակի ելոյթը «Այլակրօն Հայեր» խորհրդաժողովին

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

Published on Sep 18, 2016 (Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=13238)

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ Հարմանտայեան Արմենակի ելոյթը «Այլակրօն Հայեր» խորհրդաժողովին որ տեղի ունեցաւ 08 Սեպտեմբեր 2016-ի Երեւան:

Սիրելի ներկաներ, սիրելի հայրենակիցներ,

Երբ վերլուծենք երկու հազար տարուայ համաշխարհային իրադարձութիւնները Մեծն Տիգրանեն սկսած, ապա կը տեսնենք, որ ժամանակ առ ժամանակ Հայոց Բնօրրան Հայրենիքը բաժնուած է կայսրութիւններու միջեւ. հռովմէական, պարսկական, բիւզանդական, ռուսական եւ օսմանական:

Այդ կայսրութիւններու ձեռնարկած աւերիչ արշաւանքները բզգտած եւ իրենց միջեւ բաժնած են Հայկական Բնօրրանը:

Ցայսօր, պզտիկ եւ մէծ երկիրներու վերածուած այդ կայսրութիւններու քաղաքական նպատակները չեն փոխուած, աւելին՝ աւելցած է նաեւ այլ երկիրներու եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ առաջ քաշուած բազմաթիւ նոր գործօններ:

ԵՂԵԼՈՒԹՈՒՆԸ

Հայկական Բնօրրանը բաժնեցին քաղաքական եւ կրօնական բաժանումներու, մենք հայերս, ուզենք, թե չ՛ուզենք համակերպեցանք նոր եղելութեան, Անիի անկումէն ետք մենք ունինք նաեւ Մահմետականացած Հայեր, որոնց վերաբերեալ մեծամասնութիւնը կը հետաքրքրուի միայն համագումարներ եւ թիւէր ներկայացնելով:

Այսօր մեր երկիրը գրաւած Սելճիւք Օսմանցիներու ժառանգները, պետականօրէն եւ պատմաբաններու միջոցով կը փորձեն իւրացնել օրինակ՝ մահմետականացած համշէնահայերը, անոնց պատմութեան մէջ թրքական ցեղերու հետքեր «փնտրելով ու գտնելով», հետագային ըսելու, փաստելու եւ ապացուցելու որ համշէնահայերը թրքական ցեղի կը պատկանին, այսինքն թե՝ մենք հայերս եկուոր ենք:

Վրացիներ պետական ծրագիրով եւ քրիստոնեայ կրօնապետերու համագործակցութեամբ հարձակում կը գործեն մեր պատմամշակութային ժառանգութեան վրայ, զայն իրենցը սեպելով, քաղաքականօրէն համաձայնութեան գալով դրացի պետութուններու հետ, խեղաթիւրելով ու կեղծելով մեր նախնիներու ձգած ժառանգութիւնը:

Թաթարներու կողմէ Նախիջեւանի Նոր Ջուղայի մեր նախահայրերուն մշակոյթային Խաչքարերը խորտակելէ, գետնին հաւասարեցնելէ ետք, այսօր իրենց նախագահի մակարդակով պետականօրէն կը յայտարարէն, որ Երեւան քաղաքը իրենց հողն է:

Ռուսերու տարիներով վարած նոյն քաղաքականութիւնը, իրենց ազգային շահերը, ինչպէս մնացած պետութիւններունը:

Եւրոպան, 1878-են ի վեր, իր շահերու համապատասխան որոշումներ կը մշակէ, ոչ մէկ իրական լուծում կուտայ խնդիրներուն, իսկ վերջերս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ համագործակցելու խոստումին ծիրէն ներս, առանց ապահովութեան որեւէ իրական երաշխիքներ տալու, կը վիժեցնէ համագործակցութիւնը:

Գալով մեզի՝ հայերուս, ռուսամոլ, արեւմտամոլ եւ այլ օտարամոլներու ու գաղափարական օտարամոլներու տեսակները, պէտք է խստիւ հասկնան, բաւ է ձեր երազներով ապաւինիք օտարներուն, որով այդ երազները ժամանակաւոր եւ ապազգային են:

Կոնստանդնուպոլիսի աթոռակիցներէն Եպիսկոպոս Արթին Աթէշը վէրջերս, Վարդանանց տօնակատարութեան ժամանակ, շեշտադրումով յայտարարեց. «Հայ եմ ըսելով, Հայ չես դառնար…»

Նախորդ ժամանակներու, այս օրերու, թե ապագայի Եպիսկոպոս Արթին Աթէշի պէս բոլոր մտածողներուն յիշեցնեմ, ըսեմ՝ լուսաւորչական, կաթողիկէ, աւետարանական, մահմետական, պուտտիստ թե այլ կրօններու պատկանելիութեամբ չէ որ Հայը, Հայ Կ՛ըլլայ… Հայը ՀԱՅ է ծինով, ծնելու՝ սերունդ տալու ցանկութեամբ, ծագումով եւ արիւնով:

ԾՐԱԳԻՐԸ

Այս բոլորը վերլուծելէ ետք բոլորիս կը մնայ վճռական աշխատանք տանիլ – մանաւանդ հայրենակցական եւ հայրենասիրական միութիւններու ընդմէջեն՝ ծրագիրներ մշակելու, բաժան բաժան եղած ժողովուրդը, հոտը, ցեղը, ինչպես որ կ՛ուզէք անուանեցէք, միացնելու՝ ազգային պետական նշանակութեան մէկ ծրագիրի շուրջ:

Ծրագիրի անուանումը. Վերադարձ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐ՝ ԲՆՕՐՐԱՆ, մեր բոլոր հայրենակիցներով միասին, առանց կրօնական եւ կամ այլ խտրականութեան:

Ծրագիրը. Կազմակերպուինք իրագործելու, պաշտպանելու հայերու համախմբումը ի խնդիր՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան, ի խնդիր՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատման՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իր արդարադատ օրենքներով ու Սահմանադրութեամբ, որ պիտի հարգէ ու պաշտպանէ մեր բոլոր հայրենակիցներն ու պետութեան քաղաքացիները առանց կրօնի կամ այլ խտրականութեան:

Հարմանտայեան Արմենակ

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու, համայնքային ու հայրենակցական հասարակական միութիւններու հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

10 Յուլիս 2016 թ.
Փարիզ

Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնախումբի կազմակերպած խորհրդաժողովը Այլակրօն Հայեր թեմայով:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail