Երեւանի ՛՛Կոնգրես՛՛ հիւրանոցի ժողովասրահին մէջ, 8 Սեպտեմբեր 2016 թ.-ին տեղի ունեցաւ ՛՛Այլակրօն հայերն աշխարհի՛՛ թեմայով խորհրդաժողով, զոր կազմակերպած էին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային, հայրենասիրական եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովները:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արտերկրի մտաւորականներ, գրողներ, հայագէտներ, պատմաբաններ, լեզուաբաններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ընդունեցին հետեւեալ համատեղ յայտարարութիւնը.
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային, հայրենասիրական եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու
ներկայացուցիչ՝ Հարմանտայեան Արմենակ
“Այլակրօն հայերն աշխարհի” թեմայով խորհրդաժողովի
մասնակիցներուն յայտարարութիւնը
8 Սեպտեմբեր, 2016 թ.,
Երեւան
Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին հայութեան նկատմամբ իրականացուած շարունակական ցեղասպանութեան hետեւանքով անոր կեանքէն ներս յառաջացած է ու առկայ է նոր իրողութիւն մը, այսպէս կոչուած ՛՛Այլակրօն հայերն աշխարհի՛՛, որոնք զրկուած են իրենց ինքնութիւնը վերագտնելու եւ վերականգնելու հնարաւորութենէն,
նկատի առնելով՝ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայիս ընթացող ռազմա-քաղաքական գործընթացները եւ անոնց ազդեցութիւնը տարածաշրջանին ապրող հայկական գաղթօջախներուն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան, ինչպէս եւ Արցախի եւ ՀՀ-ի մէջ ապրողներուն վրայ,
նկատի առնելով 1988-էն ի վեր Արցախի ու ՀՀ-ի նկատմամբ իրականացուող շրջափակումը, ցեղապաշտական-ազգայնամոլական թշնամանքն ու ժամանակ առ ժամանակ իրականացուող բռնարարքները,
նկատի առնելով, որ ինչպէս երեկ, այնպէս ալ այսօր հրամայական է հայութեան բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը,
խորհրդաժողովի մասնակիցները կը յայտարարեն, որ
՛՛Պատրաստ են ընդունելու մեր բնօրրանի եւ այլ վայրերու մէջ ապրող հայրենակիցները, այլակրօն հայերը՝ ինչպէս որ անոնք կան՛՛, եւ որ այդ հարցը յատուկ ուսումնասիրութեան եւ ուշադրութեան արժանի է, յատկապէս հաշուի առնելով վերոնշեալ հանգամանքները, ինչպէս նաեւ ապագային պատրաստ ըլլալու՝ դիտարկելու համար ՛՛Այլակրօն հայերու ներգրաւումը ազգային-պետական ծրագիրներէն ներս՛՛:
Այդ իմաստով խորհրդաժողովի մասնակիցները աւարտուած չեն համարեր իրենց աշխատանքը, այլ զայն կը համարեն շարունակական գործողութիւն, տեսանելի հեռանկարին վրայ սպառիչ պատասխան գտնելու համար նշեալ հարցադրման:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային, հայրենասիրական եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայքացուցիչներ՝