Գրիգոր Զոհրապը հանդիպել է Թալէաթի հետ․․․

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 –

Գրիգոր Զոհրապը հանդիպել է Թալէաթի հետ․․․

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը հանդիպել է Սուլթանի հետ, տարիներ անց հանդիպել է Երիտթուրք պատասխանատուի հետ․․․

Վարչապետը հանդիպել է Սորոսի հետ․․․

Վարչապետի կինը հանդիպել է աղանդաւորական ներկայացուցչի հետ․․․

Նախարարը հանդիպել է միասեռականի հետ․․․

Եւ այսպիսի շատ զգայացունց վերնագիրներով գրութիւններ մեր այսօրուայ զարգացած աշխարհի զարգացած էլեկտրոնային տգէտ մամուլի էջերու մէջ․․․

Իսկ կարդացողները կըսեն վայ՝ մեզ, վայ մեզ այս ինչ խայտառակութիւն, այս ինչ ամօթ, այս ինչ յիմարութիւն եւ դաւաճանութիւն․․․

Վերոնշեալ հանդիպումները եթէ չկայանային կը կարծեմ այդ ժամանակ կարելի էր կոչել յիմարութիւն, անձնասիրութիւն եւ պատասխանատուութենէ փախչելու փորձ․

Գրիգոր զօհրապը չհանդիպէր Թալէաթին հապա որու՞ հետ հանդիպէր եթէ թալէաթն էր այդ օրուայ պատասխանատուն Հայ ազգի մեծամասնութեան ապրած տարածաշրջանին․․․

Հայ հասարակութեան ազատութեան եւ ինքնորոշման պահանջներուն համար արդեօք որու՞ հետ հանդիպէր Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը, հանդիպէր «Չէ կեվարայի»՞ հետ թէ անգլիայի թագուհիի․․․

Վարչապետը ի պաշտօնէ որու՞ հետ հանդիպի, կինը որու՞, նախարարը որու՞, Կան՞ սահմանափակող Օրէնքներ․․․

Տգէտ մամուլի եւ աւելի Տգէտ կարդացող ու չհասկցողներուն կարելի է նաեւ ըսել որ պէտք է զարմանան եթէ հարուստ տանտէրը հանդիպել է հարբող շինարարի հետ կամ Բժիշկը հանդիպել է յիմար հիւանդի հետ եւ այսպէս շարունակ․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail