Ակնարկ. Վերահսկուող Աշխարհամարտ

09 հոկտեմբեր 2015

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿ

Ռուսական զինուորական գործօնի աշխուժացումը սուրիական պատերազմին լայնածաւալ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած է. պատերազմին սերտօրէն զուգորդուած է տեղեկատուականը նաեւ: Միեւնոյն լայնածաւալութեամբ հարուածուող թիրախներու մասին կան հակասական լրատուութիւններ, տեղեկութիւններ, վերլուծումներ: Ոչ միայն բացարձակ, այլ ընդհանրապէս հանգրուանային եզրակացութիւններու յանգիլը նոյնիսկ կրնայ թէական ըլլալ, եւ անհամապատասխան իրողական իրավիճակներուն:

Հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար սակայն տեսանելի երեւոյթներու առնչութեամբ որոշ դիտարկումներ կատարելը: Բնականաբար առաջին մտածումը կ՛երթայ ընտրուած ժամանակին: Ինչո՞ւ հիմա է, որ Ռուսիան կ՛անցնի զինուորական յարձակողականի: Պարզ է, որ ռուսական օդուժը միջազգային կանաչ լոյսեր ստացած է գործի անցնելու: Նման ինքնուրոյն նախաձեռնողականութիւն կրնար անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ, նկատուիլ արկածախնդրութիւն եւ առիթ տալ իրադրութիւններու անվերահսկելի ահագնացումի: Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի ժամանակի առումով իրար խաչուող յայտարարութիւնները միջազգային կանաչ լոյսին մասին մտածել կու տան: Ուաշինկթըն կը յայտարարէր, որ նախագահ Ասատի հրաժարականը անմիջական պահանջ ու առաջադրանք չէ այսօր, մինչ Մոսկուան կը խօսէր նոյն անձնաւորութեան իշխանութեան անցումի հանգրուանին համաձայն ըլլալուն մասին:

Գերտէրութիւններու այս յայտարարութիւնները իրար լրացնող են. մէկ կողմէ կը խօսին իշխանափոխութեան ոչ անմիջականութեան, միւս կողմէ նաեւ ոչ երկարատեւութեան մասին` անուղղակիօրէն ընդգծելով, որ առաջին գերխնդիրը այսօր ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումն է:

ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումը սակայն պէտք է ընկալել մասնակի հասկացողութեամբ եւ ոչ ամբողջական: ՏԱՇԵՀ-ի ամբողջական չէզոքացումը եթէ միջազգային ընտանիքին համար առաջնային օրակարգ է, ապա գետնի վրայ արձանագրուող դէպքերը կը ստանան կտրուկ, յանկարծակի եւ համալիր բնոյթ: Նախքան ռուսական կործանիչներու հանդէս գալը, աշխարհը ականատես եղաւ ամերիկեան օդային սահմանափակ յարձակումներու, որոնք նաեւ չունեցան հետեւողականութիւն:

Ռուսական հարուածները թէ՛ օդային եւ թէ՛ ռազմանաւային հեռահար` ճիշդ է, որ ամերիկեան հարուածներու սահմանափակուածութեամբ չեն, բայց նաեւ ամբողջական չէզոքացումի միտող հարուածներ չեն. գէթ այս հանգրուանին: Անշուշտ անհրաժեշտ է իրազեկումը խփուող թիրախներուն, հարուածուող գօտիներուն, մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, բայց մանաւանդ գետնի վրայ արձանագրուող կամ չարձանագրուող տեղաշարժերուն:

Ռազմափորձագէտներուն տեսակէտով օդային եւ հեռահար հրթիռակոծումները միտուած են ուղի բանալու Սուրիոյ կառավարական ցամաքային ուժերուն տեղաշարժուելուն: Առ այս պահը նկատուած են զինուորական շարասիւներու աշխուժ երթեւեկներ, այսուհանդերձ տակաւին թէական են նոր շրջաններու վերագրաւումները կառավարական ուժերուն կողմէ: Իրադրութիւններու ընթացքը կը յուշէ որոշակի միտում ծովեզերեայ Սուրիան եւ զայն դարպասող տարածքները մաքրազտելու եւ կայունացնելու ընդհանուր ծրագիրի մը գոյութեան:

Կը նկատուի նաեւ մէկ կողմէ քրտական զինեալ ուժերու պատրաստակամութիւն` ողջունելու ռուսական ներգրաւումն ու աջակցութիւն ցոյց տալու կառավարական ուժերուն, ամրակայուող Ալաուիստանին առընթեր պահելու իրողապէս ինքնավար սուրիական Քիւրտիստան մը:

Ռուսական զինուորական միջամտութենէն ետք, յայտնապէս երկրորդ կարգ անցած է իրանեանը, որ հակառակ յայտարարողական մակարդակի վրայ Միացեալ Նահանգներու հետ իր ունեցած ելեւէջային յարաբերութիւններուն, աշխարհաքաղաքական բնոյթի օրակարգերով բանակցային փուլի անցած է Արեւմուտքի հետ:

Անգարայի պահանջով գումարուած ՕԹԱՆ-ի պրիւքսէլեան ժողովը կ՛որոշէր քննարկել ռուսական միջամտութեան լոյսին տակ սուրիական զարգացումները: Այս առիթով նաեւ ՕԹԱՆ-ը կը վերահաստատէր Թուրքիան պաշտպանելու եւ ի պահանջեալ հարկին Թուրքիա զօրք ուղարկելու իր պատրաստակամութիւնը: ՕԹԱՆ-ի այս յայտարարութիւնները հակազդեցութիւն են ռուսական օդուժի Թուրքիոյ նկատմամբ կատարած կրկնակի սահմանախախտումներուն:

Տարածաշրջանին մէջ ռուսական ռազմական գործօնի յայտնուիլը ի վնաս գլխաւոր այլ խաղացողի` Թուրքիոյ է: Առ այս պահը, այն ինչ որ կ՛երեւի` ամերիկեան կանաչ լոյս ստացած Ռուսիան օդային եւ հեռահար յարձակումներով նախ կը բարձրացնէ կառավարական ուժերուն բարոյահոգեբանական իրավիճակը, ցամաքային տեղաշարժերու ճամբայ հարթող գործողութիւններ իրականացնելով կը միտի ամրակայել ծովեզերեայ սուրիական Ալաուիստանը: Մինչ Թուրքիան կը փորձէ յենիլ ՕԹԱՆ-ի վրայ, մերժուած անվտանգութեան գօտի յառաջացնելու իր առաջարկով, առնուազն կը ջանայ սուրիական Քիւրտիստանի վրայ վերահսկողութեան լծակներ պահպանել:

Տեղի ունեցածը պարզապէս համաշխարհային պատերազմի տարբերակ է. սահմանափակ, համաձայնեցուած եւ վերահսկելի բնոյթով:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail