09 հոկտեմբեր 2015
Թուրքիա կը խմբագրէ իր պատմութիւնը` ցեղասպանութենէն զերծ «պատմական. գիրքեր հրապարակելով:
Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտման ուղղուած պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս լոյս տեսած է հերթական գիրք մը: Գիրքին անուանումն է` «Հայկական հարցի 100-րդ տարին. պնդումներ, սուտեր, ճշմարտութիւններ»:
Ինչպէս կը յայտնէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «ife.org.tr» կայքը, 15 յօդուածներէ բաղկացած գիրքը կ՛անդրադառնայ Հայկական հարցին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` պատմական, քաղաքական եւ ընկերային տեսանկիւններէ:
Գիրքը, բնականաբար, տուրք կու տայ ժխտողական քաղաքականութեան դրոյթներուն:
Կը նշուի, որ գիրքին ստեղծման անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է, քանի որ «հայկական հարցը կը շարունակէ առաջին օրուան պէս արդիական մնալ, հակառակ որ արդէն 100 տարի անցած է»:
Գիրքը կազմած են15 համահեղինակներ:
http://www.yerakouyn.com/