Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է

Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան Թեմերու Վերակազմակերպումով. Արամ Ա. Կաթողիկոս

26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՍՓԻՒՌՔ:

Արամ Ա. կաթողիկոս վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Անդրադառնալով Հայաստան-սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ո՛չ ալ սփիւռքը մաշի: Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն է», կոչ ուղղելով սփիւռքին սկսելու վերակազմակերպման հաւաքական գործընթացին:

Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը հրամայական նկատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան մասնակցութեամբ, յաջորդաբար հանդիպումներ տեղի ունեցան Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութեանց հետ: Նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի թեմին հետ: Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն:

Անդրադառնալով թեմերու վերակազմակերպումին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է: Լոզունքներէ, կարգախօսերէ ու ճառախօսութիւններէ անդին անհրաժեշտ է գործի լծուիլ: Փաստօրէն ո՜ւշ ենք արդէն: Սփիւռքը իր ներքին սփիւռքներով քաոսային վիճակ մը կը պարզէ այսօր: Սփիւռքը իր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի պէտք է ենթարկուի` իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ կերպով:

Վերակազմակերպումը որեւէ գաղութի կամ կազմակերպութեան կամ հաւաքականութեան կը սկսի ինքնաքննութեամբ. այլ խօսքով, թերութիւններու ու յաջողութիւններու մատնանշումով ու առաջնահերթութիւններու յստակացումով: Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնանք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու եւ միայն անցեալով հպարտանալու տեսական ու զգացական մօտեցումներէ:

Մատը պէտք է դնել վէրքին վրայ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդի իմաստութիւնը: Ներքին բեւեռացումներու, ջլատումի, անորոշութեան ու մաշումի առաջքը առնելու համար, սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպումի գործընթացին մղել, եւ այս շրջագիծին մէջ Կիլիկեան թեմերը կարեւոր դեր ունին կատարելիք», շեշտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

yerakouyn.com/2018/11/26

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail