26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի կարգ մը թաղամասերու` թունաւոր կազեր պարունակող հրթիռներով ռմբակոծելէն ետք, ռուս քիմիագէտ զինուորներ հասած են Հալէպ:
Շաբաթ օր Հալէպը ռմբակոծուած էր ահաբեկիչներու կողմէ: Ռմբակոծման ենթարկուած էին զինեալ խմբաւորումներու հետ սուրիական բանակի շփման գիծին մօտ գտնուող թաղամասերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդած էր, որ քլոր պարունակող հրթիռներով ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած են աւելի քան 100 անձեր, ներառեալ` կիներ եւ երեխաներ:
Ռմբակոծման թիրախը եղած է Խալիտիյա թաղամասը: Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան նախնական տեղեկութիւններուն եւ «Գանձասար»-ի ունեցած տեղեկութեան համաձայն, վիրաւորներու շարքին հայեր չկան:
Հազարապետ-զօրավար Իկոր Քոնաշնիքով յայտնեց, որ Մոսկուան մտադիր է Անգարայի հետ քննարկել նշեալ ռմբակոծումին հարցը` նշելով, որ թրքական կողմը երաշխաւորած է զինեալներուն` Իտլիպի ապազինեալ գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ «մեր ռմբաձիգները մաքրագործեցին այն զինեալները, որոնք Հալէպը ռմբակոծեցին քիմիական նիւթով»` նշելով. «Գոյութիւն ունին փաստեր, թէ ահաբեկիչները կը պատրաստուին Սուրիոյ մէջ քիմիական նոր յարձակումներ գործադրելու»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է «Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը»:
Միւս կողմէ, «Միկնիուզ» կայքը երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան «Հարի Թրումըն» օդանաւակիրն ու ամերիկեան 5 այլ մարտանաւեր մուտք գործած են Միջերկրական ծով եւ կ՛ուղղուին դէպի Սուրիա:
Կայքը նշեց, որ վերոնշեալ 5 նաւերն են` «Ֆարրակաթ Տի.Տի.Ճի.-99», «Ֆորեսթ Շըրմըն Տի.Տի.Ճի.98», «Ալրայ Պըրք Տի.Տի.Ճի.-51» պահակային մարտանաւերն ու «Նորմընտի Սի.Ճի.-60» յածանաւը:
aztagdaily.com/archives/417494