Տեսակէտ – Հայրենադարձութիւն – Հայաստանցիներո՞ւ Վերադարձով, Թէ՞ Սփիւռքահայերու

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Յուլիս 2018

Ներգաղթ-արտագաղթ:

Արտագաղթ-ներգաղթ:

Ներգաղթը, քանի մը հանգրուաններով տեղի ունեցած է, որուն վերջինը (բայց ոչ վերջնագոյնը) 1947 թուականներուն, երբ շուրջ 200-250 հազար հայեր, բնակութիւն հաստատեցին Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ժամանելով յատկապէս Միջին Արեւելքէն (Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Յորդանան, Եգիպտոս, ապա՝ Կիպրոս եւ Յունաստան), իսկ արտագաղթը՝ միշտ, յատկապէս անցնող երկտասնամեակին:
Հոս պիտի չանդրադառնանք «ինչո՞ւ»ին եւ «ի՞նչպէս»ին, ոչ ալպատմական պայմաններուն եւ եղելութիւններուն, որովհետեւ, ասիկա հսկայածաւալ թղթածրար մըն է, կարօտ՝ լուրջ ուսումնասիրութեան:

Հարցը այն է, որ պէտք է սահմանել ներգաղթի եւ արտագաղթի հասկացողութիւնները, իրենց շարժական, փոխադրական ու համակեցական դրուածքներով, յստակացնելո՛վ այդ ներհոսքերուն եւ արտահոսքերո՛ւն պատճառները, իրենց քաղաքական, տեղայնական կամ ապահովական առումներով:

Նախ՝ պէտք է ճշդել.

Դէպի հայրենիք ուղղուիլը կամ հաստատուիլը կարելի՞ է կոչել ներ-ԳԱՂԹ, այսինքն՝ գաղթականութեան հասկացողութեամբ, երբ խօսքը կը վերաբերի, իր ամբողջականութեամբ ու լիարժէքութեամբ, Հայաստան փոխադրուելու ու հոն մնայուն բնակութեան իրաւունք ունենալու կարելիութեան:

Երկրորդ՝ գէթ անցնող յիսնամեակին (Խորհրդային թէ մանաւանդ անկախական տարիներուն), բազմաթիւներ հայրենիքը լքելու ու հեռանալու փորձութեան մէջ գտնուեցան (ոմանք յաջողեցան, ուրիշներ՝ ոչ), մեծ հարցականներու դուռ բանալով, բայց, եղած իրողութենէն ոչինչ փոխուեցաւ, երբ այդ «մղո՛ւմ»ը մեծամասնութեան մօտ մնաց գերակշռող, հայաթափելու ու հայաթափուելու հոգեբանութեամբ:

Այսօր, Գ. Հանրապետութեան, անկախ Հայաստանի իրականութեան մօտ, լրիւ ուրիշ իրողակարգ մը կայ, որուն հետ հաղորդուելու կամ անոր հետ հասկցուելու հրամայականութեան առջեւ գտնուելու պարտաւորութիւն մը կայ:

Ատիկա՝ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆ է.

Սակայն, առ այդ, պէտք է պարզել. խօսքը ո՞ր հայրենադարձութեան մասին է.
– Դասականացա՞ծ Սփիւռքի
– Նախկին Խորհրդային Միութեան Սփիւռքի՞
– Սահմանակի՞ց երկիրներու
– Սփիւռքահայացա՞ծ գաղութներու
– Նորաստե՞ղծ համայնքներու

Հայրենադարձութիւնը, հայրենիք վերադառնալը, հայրենիքով ապրիլը, հայրենիքով շնչելը, հայրենիքով ոգեւորուիլը, հայրենիքով ստեղծագործելը, բոլորովին ուրիշ զգացումներ են, ուրիշ՝ ապրումներ, ուրիշ՝ կերտումներ, որոնք չեն կրնար փոխարինուիլ որեւէ այլ գործօններով:

Հայ ժողովուրդի պարագային, հայրենադարձութիւնը, անվերջանալի աշխարհի մը կիզակէտային խարիսխն է, որ կը նշանակէ արմատ, հող, օճախ ու բուրմունք, իսկ եթէ ատոնք չկան, կը նշանակէ «պարապութիւն» մը կայ չորսդին, որ չի կրնար «լեցուիլ» որեւէ ուժով:

Հայրենադարձութիւնը, տեղաբնիկին կամ արտաբնիկին համար, ի՜նչ կրնար ըլլալ աւելի որոնելի ու գրաւիչ, քան կառչած մնալ իր հայրենիքին, ա՛յն հայկական ակունքին, որ զինք պահած էր ու կրնար պահել անխորտակելի եւ անխախտելի բովի մը մէջ:

Հայրենադարձութիւնը երազ մըն է, բայց, այսօրուան, ներկայ պայմաններու բերմամբ, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնայ բնութագրել անոր իրականացումը, երբ, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, անոր դրսեւորման եղանակները խիստ տարակուսելի եւ հարցադրելի են:

Ներկայիս, հայրենադարձութիւնը երկիմաստ նշանակութեամբ կարելի է բնորոշել.

Առաջին՝ հայրենաբնիկներ, որոնք այս կամ այն պատճառով լքած են, փոխադրուած կամ ապաստանած այլուր, երբեմն ակամայ, երբեմն պարտադրուած, երբեմն ալ՝ կամայական:

Երկրորդ՝ արտաբնիկներ, աւելի դիպուկ՝ Տարագիր հայութեան ժառանգորդներ, որոնք այսօր սփիւռքացած վիճակի մը մէջ կ’ապրին, մեծ թիւ մը կը կազմեն ու տարածուած են աշխարհով մէկ:

Ահաւասիկ երկու հսկայական մարտահրաւէրներ, որոնք կը ցցուին հայ ժողովուրդին առջեւ:

– Ինչպէ՞ս վերաբերուիլ այս թղթածրարներուն հետ:
– Որո՞ւն նախապատուութիւն տալ:
– Ո՞վքեր պիտի ստանձնեն պատասխանատուութիւնը:
– Ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ:
– Ի՞նչ սկզբունքներով պէտք է գործել:

Հարցադրումները շատ են ու խայտաբղէտ, իսկ պատասխանները՝ բարդ ու խրթին:

Այդուհանդերձ, կ’արժէ փորձով մը մեկնաբանել այս հանգուցաւոր օրակարգը, ըստ մեր հայեցողութեան:

Անվարան, գլխաւոր նախաձեռնութիւնը պէտք է ուղղել այն հայրենակիցներուն, որոնք «ճողոպրած» են Հայաստանէն, ի տես անգործութեան ու գործազրկութեան, տնտեսական անբաւարարութեան, անարդարութեան, մենիշխանութեան, բռնատիրութեան, որոնք զիրենք մղած են հայրենաթափուելու:

Անոնցմէ շատեր, անշուշտ, արտասահմանի մէջ, ոչ դրախտներ գտան, ոչ ալ հարստութիւն, բայց, այսպէս ըսած, համակերպեցան, միայն թէ հեռու մնան հայրենի դժխեմ վարչակարգէն, թէեւ իրենց կարօտը եւ սէրը հայրենիքի նկատմամբ միշտ մնացին (ու կը մնան) առկայծ:

Հայրենի նորակազմուելիք կամ նորանշանակուելիք իշխանութեան աւագ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայրենադարձութեան կազմակերպումը, իսկ ասիկա պետական գործ է, պետական մտածողութեամբ ու ձեռնհասութեամբ, իր զաւակները տուն կանչելու, հաւաքելու ու համախմբելու վճռակամութեամբ:

Սակայն, առ այդ, նախապայման է, որ երկիրը տնտեսապէս հզօրանայ եւ ամրանայ, աշխատատեղիներու գտանելիութեամբ ու հնարաւորութիւններով, դատական համակարգը բիւրեղացուի, խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կազմակերպուին, խոստմնալի, անաչառ ու մասնագիտացած պատգամաւորներ ներգրաւելով Ազգային Ժողովէն ներս, փտտածութիւնը ու փտածները արմատախիլ ընելով, Ազգային Բանակին ուժականութիւնը առաւել եւս բարձրացնելով, սահմանային ապահովութիւնը հիմնովին երաշխաւորելով:

Անշուշտ, դիւրին գործ պիտի չըլլայ վերակենդանացումն ու վերաշխուժացումը պետական, տնտեսական, հասարակական, զինուորական, ապահովական գործօններուն, բայց, այլ ելք եւ ընտրանք չկայ, եթէ հայրենիքը պիտի դառնայ ժողովրդավարութեան դրօշակակիր երկիր, նաեւ իր ապրուստային կեանքով հանդուրժելի հայրենիք:

Այս առումով եւ այս ծիրէն ներս, հայրենադարձութիւնը կրնայ յաջողիլ եւ իրականանալ, միայն երբ՝
– Վստահութիւնը կը դառնայ վարքագիծ
– Վստահութիւնը կը գերիշխէ ամենուրէք
– Վստահութիւնը կը վերածուի կարգախօսի
– Վստահութիւնը կը ներշնչէ հաւատք
– Վստահութիւնը կը յաղթահարէ խոչընդոտներ

Իսկ այս բոլորը կրնան դրսեւորուիլ, երբ իշխանութիւնները «կը ծառայեն» իրենց հայրենիքին ու ժողովուրդին, անսակարկօրէն եւ անկաշառօրէն, միշտ գերադասելով համայնական ու հաւաքական շահերը:

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան, ասիկա շատ աւելի կնճռոտ ու թնճկոտ գերխնդիր մըն է եւ կարելի չէ վերաբերուիլ անոր հետ զգացականօրէն, հարեւանցիօրէն կամ մասնակիօրէն:

Բնական է, խօսքը կը վերաբերի զանգուածային հայրենադարձութեան, որուն տնօրինումը կրնայ ըլլալ պետական հովանաւորութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ, ինչ որ, գէթ ներկայիս, անկարելիութիւն մըն է:

Ուստի, հայրենադարձութիւն պէ՞տք է ըլլայ:

Եթէ ոմանց համար պատասխանը դրական է, պարզապէս միամտութիւն (չըսելու համար անհեթեթութիւն) պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ՝ կայ ծաւալուն ու ձեւաւորուած Սփիւռք մը, իր ազգային-եկեղեցական շրջանակներով, դպրոցական ցանցով, մամուլով, միութենական կեդրոններով ու բազմաթիւ այլ եւ յարակից կառոյցներով, առաւել՝ շուրջ տասը միլիոն ցիրուցանուած հայութեամբ:

Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել նման հաւկուրութեամբ, երբ Հայաստան ի վիճակի չէ հայրենադարձութիւն կազմակերպել, նոյնիսկ մէկ միլիոնի հաշուարկով:

Բաց աստի, սփիւռքահայ համայնք-գաղութները, մանաւանդ հիմնականները, որոնք ունին իրենց ՙարմատ՚ները, կայքերը, նիստուկացը, սովորութիւնները, ապրելակերպերը, աշխատատեղիները, սեփականութիւնները, եւայլն, մէկ օրէն միւսը կրնա՞ն իրենք զիրենք տեղաշարժի ենթարկել, կրնա՞ն տեղափոխուելու փորձութեան մատնուիլ:

Ողջմտութիւնը եւ իրատեսութիւնը երբեք չեն կրնար արտօնել նման «ոստում» մը, բացի սահմանափակ պարագաներէ, որոնք անհատական նախաձեռնութեամբ կը հաստատուին հայրենիք ու կը փորձեն յարմարիլ հայրենական մթնոլորտին:

Ասկէ՝ ո՛չ հայրենիքէն հնչած փափաքները կամ հրաւէրները կ’օգնեն հայրենադարձութեան իրականացումին, ո՛չ ալ Սփիւռքէն արձակուած կարգ մը կոչերը կը ծառայեն հայրենադարձութեան գործադրութեան:

Այս վերջինները պէտք է մնան զգօնութեան ու զգաստութեան սահմաններուն մէջ, առանց անտեղի եւ անիմաստ չափազանցութիւններու, որոնք, ներկայ պայմաններուն մէջ, ոչինչով կը նպաստեն հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին:

Եզրակացնելով (բայց չվերջացնելով, քանի հայրենադարձութիւնը աւելի քան ընդարձակ ու բազմակողմանի նիւթ մըն է), հայրենադարձութիւնը պէտք է սկսիլ արտասահման գտնուող (եւ ապրող) հայրենաբնիկները վերադարձնելով հայրենիք:

azadkhosk.com/desaged8503.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail