28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մինչ Ուաշինկթըն Փութինին Եւ Փորոշենքոյին Կոչ Կ՛ուղղէ Բանակցելու. Փութին «Խոր Մտահոգութիւն» Կը Յայտնէ Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Դրութեան Հաստատման Նկատմամբ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյին կոչ ուղղեց` 25 նոյեմբերին Ազովի ծովուն մէջ ռուսական եւ ուքրանական նաւերու միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին հարցով ուղիղ բանակցութիւններու սկսելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ պահպանեն իրենց ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները»:
«Նախագահներ Փորոշենքոյին ու Փութինին կոչ կ՛ուղղենք ուղղակիօրէն մասնակցելու ստեղծուած կացութեան լուծման հոլովոյթին», ըսաւ ան:
Փոմփէօ նաեւ Մոսկուային կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու ուքրանացի նաւաստիներն ու գրաւուած նաւերը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին յայտնեց Մոսկուայի «խոր մտահոգութիւնը» Ուքրանիոյ մէջ զինուորական դրութեան հաստատման նկատմամբ եւ Մերքելին կոչ ուղղեց համոզելու Քիեւը, որ «յաւելեալ անպատասխանատու քայլ»-ի չդիմէ: Այս մասին երէկ հաղորդեց Քրեմլինը:
Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Մերքելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութին «խոր մտահոգութիւն յայտնեց Քիեւի` զինուորական դրութիւն հաստատելու որոշումին նկատմամբ», եւ «յոյս յայտնեց, որ Պերլին կարողանայ ազդել ուքրանական իշխանութիւններուն վրայ եւ զանոնք համոզել անպատասխանատու յաւելեալ քայլերէ ետ կանգնելու»:
Արեւմուտքը Ազովի ծովուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպի հարցին մէջ կը զօրակցի Ուքրանիոյ եւ ռուսերէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել գերեվարուած ուքրանացի 23 նաւաստիները:
Արեւմտեան երկիրները 26 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ առանձին հրապարակած յայտարարութիւններուն մէջ դատապարտած են Ռուսիոյ կողմէ «Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային ծովային համաձայնագիրներու աղաղակող խախտումները»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով արեւմտեան պետութիւններուն կոչ ուղղեց «Քիեւին յղելու ուժեղ պատգամ մը` զայն զգուշացնելով սադրանքները շարունակելու հետեւանքներէն»:
Ան աւելցուց, որ Մոսկուա Քերչի նեղուցի տագնապի լուծման համար որեւէ միջնորդութեան կարիք չի տեսներ:
Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան (ՈՒԱԾ) ղեկավար Վաւլի Կրիցաք յայտնեց, որ ուքրանական նաւերուն մէջ եղած են ՈՒԱԾ-ի հակահետախուզութեան բաժանմունքի բարձրաստիճան զինուորներ:
aztagdaily.com/archives/417790