28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Կենսագրութիւն
Ծնած է 28 նոյեմբեր 1967-ին, Պէյրութ: Պատանի
տարիքին կ՛անդամակցի ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան: 1984-ին մաս կը կազմէ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին: Մհեր ԼԵՄ-ի մէջ կը ստանձնէ վարչական եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, միշտ պատնէշի վրայ մնալով` լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ: 1986-ի փետրուարին Մհեր կը մտնէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, կը հետեւի բնագիտութեան ճիւղին եւ 1989 դեկտեմբերին կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը: Համալսարանական ուսումը կը շարունակէ երկրաբանութեան բաժանմունքին մէջ: 1989-ին Մհեր Ջուլհաճեան կը նշանակուի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան վարիչ եւ այս պարտականութիւնը կը կատարէ մինչեւ մարտ 1991: 1990-ի հոկտեմբերին ան կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ կ՛անցնի ՀՅԴ ԶՈՄ-ի շարքերը: 1992-ին կ՛ամուսնանայ եւ կը մեկնի Հայաստան: 23 օգոստոս 1993-ին ընկ. Մհեր կը նահատակուի զինակից չորս ընկերներուն հետ, Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ, երբ ան, Մերուժան Մոսիեան, Արտակ Մնացականեան, Լեւոն Համբարձումեան եւ Ռուդիկ Աւագեան կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերուն դիրքերը:
Մհերին Գաղափարները
– «Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը
դարձած է պատեհապաշտ այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ` հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովուն մէջ»:
– «Թուական ու զինական գերազանցութիւնը միայն ժամանակաւոր յաջողութիւն կրնայ բերել… Վերջնական յաղթանակը անոր է, որ աւելի կազմակերպուած ու խորաթափանց է, որ արդար կռիւ կը մղէ եւ ոգին աւելի զօրաւոր է: Իսկ ասոր համար, անշուշտ, անհրաժեշտ է համայն հայութեան զօրակցութիւնն ու յանձնառու կեցուածքը»:
- «Նպատակը կը մնայ նոյնը.
Դէպի երկիր կոչը կը մնայ ի զօրու բոլորիս
Մահ ընկրկումին եւ նահանջին»:
Այն ինքնաշարժը, որուն մէջ կը գտնուէին ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանը եւ չորս ընկերները, երբ կը ստուգէին սահմանապահ դիրքերը:
Գոյժ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գուժում է նահատակութիւնը ՀՅԴ անդամներ`
Մերուժան Մոսիյեանի (ՀՅԴ Արցախի Կ. Կ.ի անդամ)
Մհեր Ջուլհաճեանի
Արտակ Մնացականեանի
Լեւոն Համբարձումեանի
որոնք զոհուեցին 23 օգոստոս 1993-ին, ԼՂՀ Մարտունու շրջանի հիւսիսային սահմանների պաշտպանութեան համար մղուող մարտերում:
horizonweekly.ca