Հոլանտայի Բողոքական Եկեղեցին Կը Պաշտպանէ Հայ Ընտանիք Մը

30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՊԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

«Տուվար» թերթը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի Լա Հէյ քաղաքի բողոքականներու Պեթել եկեղեցւոյ մէջ 25 Հոկտեմբերէն ի վեր անընդհատ արարողութիւն կը կատարուի, մէկ հոգեւորական իր արարողութիւնը աւարտելէ ետք մոմը ուրիշ հոգեւորականի կը յանձնէ եւ արարողութիւնը այդ կերպով կը շարունակուի։

Այս անընդհատ արարողութեան նպատակն է պաշտպանել Թամրազեան ընտանիքը, որուն մասին կառավարութիւնը երկրէն արտաքսելու որոշում տուած է։ Ընտանիքը ապաստանած է եկեղեցւոյ մէջ եւ որովհետեւ ոստիկանութիւնը չի կրնար եկեղեցի մտնել եթէ հոն արարողութիւն կայ, այժմ արարողութիւնը կը շարունակուի անընդհատ։

Երեք զաւակներու տէր Թամրազեան ընտանիքը Հայաստանցի է, բայց այս ընտանիքը ինը տարի առաջ Հայաստանէն խոյս տուած էր, որովհետեւ ընտանիքի հայրը՝ Սասունը, իբրեւ քաղաքական ընդդիմադիր գործիչ, մահուան սպառնալիքներ ստացած էր։

Ընտանիքը ապաստանած էր Հոլանտա ու ընտանիքին ապաստանութեան արտօնութիւն ալ տրուած էր Հոլանտայի կողմէ, բայց իշխանութիւնները աւելի ուշ ջնջեցին այդ արտօնութիւնը եւ որոշեցին երկրէն արտաքսել ընտանիքը։ Այս զարգացումին վրայ ընտանիքը օգնութիւն ուզեց Բողոքականներու եկեղեցիէն։ Եկեղեցին արտօնեց, որ ընտանիքը մնայ եկեղեցւոյ մէջ։ 300 հոգեւորականներ սիրայօժար կերպով ընդունեցին կարգով կատարել արարողութիւնները։

Բողոքական հոգեւորականները կը յայտնեն, թէ այս կերպով ժամանակ կը շահին եւ մինչ այդ՝ թերեւս կառավարութիւնը կը փոխէ իր որոշումը։ Բայց արարողութիւնները յանկարծ կրնան դադրիլ, եթէ ոստիկանական կառքեր կը գոցեն եկեղեցւոյ մուտքը։

Ընտանիքին մայրը՝ Անուշ Թամրազեան յուսալից սպասումի մէջ է եւ ըսաւ որ դժուար է բացատրել, թէ ինչպիսի զգացումներ կ՛ապրի, երբ կը տեսնէ, թէ այսքան մեծ թիւով մարդիկ շարժման անցած են զիրենք պաշտպանելու համար։

Հոլանտայի մէջ վերջերս ժխտական տրամադրութիւններ կան գաղթականներու նկատմամբ եւ Թամրազեաններու խնդիրն ալ այդ մասին նոր վկայութիւն կը դառնայ։

asbarez.com/arm/331586/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail