Համշէնի Մէջ Գտնուող Պատմական Կամուրջը Փլուզման Վտանգի Տակ է

30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Ռիզէ նահանգի (պատմական Համշէն-Tert.am) Չայելի շրջանի 300 տարուան պատմական կամուրջը փլուզման վտանգի տակ յայտնուած է, այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Arkeolojihaber.net կայքը:

Յայտնի է, որ վերջերս շրջանին մէջ տեղի ունեցած ճանապարհներու շինարարական աշխատանքներու ժամանակ հողաբարձ մեքենաները վնասած են կամուրջին մէկ մասը:

Բնակիչները ահազանգած են, որ ատիկա կրնայ պատմական կամուրջի ամբողջական փլուզման պատճառ դառնալ: Շատերը շեշտած են, որ դարեր շարունակ կանգուն մնացած ու բազմաթիւ ջրհեղեղներու դիմակալած կամուրջը իշխանութիւններու ձեռքով այժմ կրնայ ոչնչանալ:

yerakouyn.com/2018/11/30/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail