30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւորներ Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան երէկ իրենց ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երաշխաւոր երկիրները մտադիր են միացեալ ջանքեր թափել սուրիական սահմանադրական նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի կազմութեան առումով:
Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան մերժեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ գետնի վրայ կացութիւն փոխելու փորձերը եւ սուրիական ընդդիմադիր բոլոր զինեալ խմբաւորումներուն կոչ ուղղեցին` անջատուելու ՏԱՀԵՇ-էն եւ Ժապհաթ Նուսրայէն:
Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ Մոսկուա Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ ժողովի արդիւնքը կը նկատէ «դրական»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Ասթանայի մէջ քննարկումներուն ընթացքին ընդգծուած է Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարուածելու ձգտող անջատողական ծրագիրներու մերժումը:
aztagdaily.com/archives/418076