Փաքիստան Ազրպէյճանին Պիտի Մատակարարէ Տարբեր Նշանակութեան Ճշգրիտ Օդ-Ցամաք Հրթիռներ

01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Փաքիստան Ազրպէյճանին պիտի մատակարարէ տարբեր նշանակութեան ճշգրիտ օդ-ցամաք հրթիռներ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են փաքիստանեան «Կլոպըլ Ինտասրիըլ անտ Տիֆենս Սոլուշընզ» (ԿԻՏՍ) պետական ընկերութենէն:

«Մենք կը պատրաստուինք Ազրպէյճանին տարբեր նշանակութեան օդ-ցամաք հրթիռներու արտածման: Մենք արդէն կատարած ենք Ազրպէյճանի օդուժին համար նախատեսուած հրթիռներու եւ անոնց ղեկավարման բաղադրիչներու շնորհահանդէսը», ազրպէյճանական «ԱզերիՏիֆենս»-ին ըսած է ԿԻՏՍ-ի ներկայացուցիչը:

Անոր համաձայն, հրթիռները կարողութիւնը ունին բարձր ճշգրտութեամբ ոչնչացնել հակառակորդի երկաթշաղախէ ծածկերն ու ամրութիւնները, ինչպէս նաեւ կրնան նետուիլ թէ՛ ՕԹԱՆ-ի, թէ՛ ալ խորհրդային-ռուսական օդանաւերէ:

«Մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի ռազմաարդիւնաբերութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան` օդ-ցամաք հրթիռներու արտադրութեան հարցով: Այդ հարցով արդէն հանդիպումներ տեղի ունեցած են ազրպէյճանական կողմին հետ», ըսած է ԿԻՏՍ-ի ներկայացուցիչը:

aztagdaily.com/archives/418228

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail