Խմբագրական. Գոյապահպանումէն Դէպի Զարգացում

29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

(«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ռատիոթոնին առիթով)
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքային նոր ոճի եւ նոր բովանդակութեան մասին, հետեւելով մինչ այժմ կատարուած յայտարարութիւններուն, հարցազրոյցներուն, կարելի է առանձնացնել հետեւեալ նորարարական մօտեցումները:

Ա.- Շարունակելով բրգաձեւ կառոյցի եւ անոր ներգրաւուած տարածաշրջանային-տեղական յանձնախումբերու աւանդական աշխատանքը` առցանցային դրամահաւաքներ կազմակերպելու հարթակներու ստեղծում: Այս ուղղութիւնը կ՛ենթադրէ առցանց ծառայութիւններու տարբեր դրութիւններու հաստատում` ամսական կշռութաւոր եղանակով փոքրածաւալ ծրագիրներու համար փոքր գումարներ կանոնաւոր հերթականութեամբ ապահովելու:

Բ.- Դասական կառոյցներէն հեռու գտնուող երիտասարդութեան ներգրաւում համահայկական հանգանակութեան աշխատանքներուն: Այս առաջադրանքը կը վերաբերի նաեւ ծրագրային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան` մշակելի նաեւ երիտասարդութեան կողմէ:

Գ.- «Հայաստան» հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել սփիւռքահայ կամաւոր երիտասարդներ: Առաջադրանքը` տարբեր երկիրներու մէջ կուտակուած մասնագիտական փորձառութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդութեան ճամբով ներածել Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Դ.- Ճանապարհաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան կենսական շրջափուլէն ետք նախապատրաստուիլ անցումային փուլի` ենթակառուցուածքային բովանդակային ծրագիրներու, թէ՛ բարձր արհեստագիտութեան, թէ՛ կրթութեան, թէ՛ արեւային ուժանիւթի:

Նոր ուղղութիւններուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի սփիւռքահայ մասնագիտական մարդուժը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ճամբով հայրենաշինութեան աշխատանքին մէջ ներգրաւելու առաջադրանքը: Այստեղ կայ նաեւ յատուկ թիրախաւորուած աշխատանք` դասական սփիւռքի մէջ դասական կառոյցներու հետ չառնչուած երիտասարդ խաւի մասնագիտական հմտութիւնները հայրենաշինութեան տարբեր ոլորտներու մէջ օգտագործելու աշխատելաոճի անհրաժեշտութիւնը շեշտող:

Արեւային ուժանիւթը, որ յայտնաբար «Հայաստան» հիմնադրամի թիրախային նպատակներէն կը հանդիսանայ, կ՛առնչուի ո՛չ միայն ապագայագիտութեան հիման վրայ մեր երկրի զարգացման ուղիներու ուրուագծումին, այլ նաեւ հակառակորդի քարիւղով ձեռք ձգած առաւելութիւնը հակակշռելու եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ ուժանիւթ արտահանող երկրի կարողականութիւն ներառած միջավայր աշխարհին ներկայացնելու:

Նորարարական մօտեցումները կը թուի, որ նպատակաուղղուած աշխատանք ապահովելու այս հիմնադրոյթները ներառած են:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը միշտ կը շարունակէ քայլ պահել հիմնադրամի կեդրոնական հոգաբարձութեան ճշդած ուղղութիւններուն, նպատակներուն, առաջադրանքներու կատարման եղանակներուն, եւ համագործակցութեան ամէնէն բարձր աստիճանով լիբանանահայ համայնքը լծուած է հանգանակութեան համահայկական մեքենային: Յառաջիկայ աշխատանքներուն համար վստահաբար լիբանանահայ երիտասարդ մասնագիտական մարդուժը աշխուժ ներկայութիւն կ՛ըլլայ տարբեր բնագաւառներու կայացման ու զարգացման համար ճշդուած առաջադրանքներու իրականացման գործին մէջ:

Այս տարի կ՛ամբողջանայ Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակը: Գոյապահպանումէն դէպի զարգացում անցում կատարող մեր երկիրը արագօրէն պէտք է փակէ անօթեւան ընտանիքներու տխուր էջը` ամբողջովին լծուելու համար արագ կշռոյթներով ամէնէն արդիական մեթոտներով զարգանալու բազմաոլորտ աշխատանքներուն:

Լիբանանի մէջ ձեռնարկուող հանգանակութիւնը պիտի նպաստէ օթեւան ունեցող, տանիք ունեցող Գիւմրիի ընտանիքներու համալրման աշխատանքին:

Գոյապահպանման վերջին էջերը փակելու եւ տենդագին զարգացման գործին փարելու համար լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է աշխուժ մասնակցութիւն բերելու այսօրուան հանգանակութեան, հերթական անգամ ապացուցելու, որ այս համայնքը կը շարունակէ դրսեւորել արագօրէն ինքնակազմակերպուելու եւ հայրենիքին սատարելու համար օժանդակութիւններուն համագաղութային տարողութիւն ապահովելու բացառիկ հմտութիւնը:

aztagdaily.com/archives/417931

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail