01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը արտասահմանեան ներդրողներու ներգրաւումը կը համարէ իր նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը:
Տակաւին կանուխ է որոշելու, թէ արդեօ՞ք օտարերկրացի ներդրողները շահագրգռուած են գործարարութեամբ զբաղելու Հայաստանի մէջ, թէ՞ ոչ: Նոր ներդրողներու բացակայութեան ընդհանուր բացատրութիւնը հետեւեալն է` անոնք կը սպասեն 9 դեկտեմբեր 2018-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Կ՛ակնկալուի, որ վարչապետի պաշտօնակատարին կուսակցութիւնը ստանայ երեսփոխանական աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Կառավարութեան պաշտօնատարները կը կարծեն, որ այդ մէկը պիտի խրախուսէ օտարերկրացիները, որպէսզի սկսին ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:
Այսուամենայնիւ, գոյութիւն ունի լրացուցիչ միջոց, որով Հայաստան կրնայ համեմատաբար արագ ներգրաւել օտարերկրացի նոր ներդրողներ` անոնց առաջարկելով քաղաքացիութիւն: Աշխարհի վրայ շատ են այն երկիրները, որոնք նման քաղաքացիութիւն կ՛առաջարկեն օտարերկրացիներու. անոնցմէ են` Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան եւ Երրորդ աշխարհի երկիրները:
Այս տարուան սկիզբը հետաքննութեամբ զբաղող hetq.am կայքը յօդուած հրապարակած էր «Արթոն Քափիթալ»-ի մասին, որ մասնագիտացած է «քաղաքացիութիւն ներդրումներու միջոցով» ծրագիրներու մէջ, ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ներգաղթի քաղաքականութեան զարգացման միջազգային կեդրոնի հրաւէրով ընկերութեան պատուիրակութիւնը անցեալ տարի այցելած էր Հայաստան: Այցելութենէն ետք «Արթոն Քափիթալ»-ի կայքը նշած է. «ներդրումներու միջոցով քաղաքացիութեան հայեցակարգի գաղափարը ընդունուած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան, նախագահի աշխատակազմի, Կեդրոնական դրամատան, ոստիկանութեան, գաղթականական պետական ծառայութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնին կողմէ»:
Պուլկարահայ Արմանտ Արթոն «Արթոն Քափիթալ» ընկերութեան նախագահն է, իսկ Էմիլ Շահմուրատեանը` առեւտուրի զարգացման գծով փոխնախագահը: «Արթոն Քափիթալ» գրասենեակներ ունի տասնեակ մը երկիրներու մէջ: Իր ընկերութեան կայքէջին վրայ Արմանտ Արթոն նշած է. «Իբրեւ հպարտ հայու` ինծի համար մեծ պատիւ է առաջարկել իմ տարիներու մասնագիտական փորձը եւ հմուտ «նօ-հաու»-ը` օգնել երկրին իր արտաքին ուղղակի ներդրումային նպատակներուն հասնելու համար: «Արթոն Քափիթալ» իր բարեգործական յանձնառութեան աջակցութեան համար խոստացած է խորհրդատուական վճարումները Հայաստան ապաստանած գաղթականներու իբրեւ օգնութիւն նուիրել: Աւելի քան 20 հազար սուրիացիներ, որոնք հիմնականին մէջ ազգութեամբ հայեր են, ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ, 2011 թուականի սուրիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր»:
Նման ծրագիրներ առաջարկող երկիրները օտարերկրացիներէ կը պահանջեն քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներդրումներու տարբեր մակարդակներ: «Արթոն Քափիթալ» Հայաստանին կ՛առաջարկէ պահանջել 50 հազար տոլարի փոքր գումար` որպէս օտարերկրացիի համար քաղաքացի դառնալու նուազագոյն ներդրում: Այլ երկիրներ աւելի շատ կը պահանջեն օտարերկրացի ներդրողներէ, իսկ առաւել գրաւիչ երկիրները կը պահանջեն աւելի քան 10 միլիոն տոլարի ներդրում` քաղաքացիութիւն շնորհելու համար: Ընկերութիւնը կը գտնէ, որ յառաջիկայ վեց տարուան ընթացքին Հայաստան կը ստանայ 138 միլիոն տոլարի լրացուցիչ եկամուտ, եթէ իրականացնէ առաջարկուող ներդրումները` կապուած քաղաքացիութեան ծրագիրին:
Ըստ hetq.am կայքի, «Արթոն Քափիթալ» խորհուրդ տուած է, որ «Հայաստան հաւանական ներդրողներու առաջարկէ երկու տարբերակ` 50 հազար տոլարի ուղղակի ներդրում պետական որեւէ հիմնադրամի մէջ, կամ 100 հազար տոլարի ներդրում` կառավարութեան կողմէ ընտրուած դրամագլուխի կառավարման ընկերութիւններու կողմէ նիւթապէս հովանաւորուող հիմնադրամի մէջ, յստակ եկամուտի հնարաւորութեամբ: Ընկերութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ Հայաստանին` սահմանել երկու տեսակի վճարման սակ: Առաջինը կ՛ըլլայ մինչեւ 10 հազար տոլարի չվերադարձուող գործընթացի վճարում, իսկ երկրորդը, որուն գումարը չի նշուիր, կ՛ընդգրկէ դիմորդներու անձնական փաստաթուղթերու եւ եկամուտի աղբիւրներու ստուգումը»:
«Արթոն Քափիթալ» Հայաստան կատարած ուղեւորութեան զեկոյցին մէջ «կարեւոր կը նկատէ երկրին դրական կողմերը, ինչպէս` անոր ամուր կապերը համաշխարհային տնտեսական կեդրոններու հետ, այլեւ` անոր աշխարհագրական եւ մշակութային մօտիկութիւնը ռազմավարական շուկաներուն: Հայաստան կ՛առաջարկէ ներդրողներու մուտք` դէպի Ռուսիա եւ գրեթէ բոլոր յետխորհրդային պետութիւններ, ինչ որ կը նշանակէ մօտաւորապէս 250 միլիոն հաւանական սպառող, ներառեալ` Կեդրոնական Ասիա, որոնց վրայ կ՛աւելնայ 82 միլիոնէ աւելի սպառող դրացի Իրանը, որուն հետ երկիրը բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունի: Եւ եթէ երկիրը հասնի առանց վիզայի մուտք ունենալու Շենկենեան գօտի, որ կրնայ իրականանալ 5-7 տարի ետք, ապա Հայաստան կրնայ արդարացիօրէն պնդել, որ վերականգնած է իր պատմական դերը` իբրեւ Մետաքսէ ճամբուն վրայ Արեւմուտքը Արեւելքին կապող կանգառ: Ընդհանուր առմամբ, երկարաժամկէտ արժէքներ հետապնդող ներդրողները կրնան համոզուիլ` Հայաստանի առաւելութիւններուն շնորհիւ: Ելքով [առանց մուտքի թոյլտուութեան] դէպի 60 եւ աւելի երկիրներ, իր առանձնայատուկ յարաբերութիւններով Ռուսիոյ հետ եւ աշխարհագրական դրացնութեամբ Իրանի հետ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը կը դիտուի ոչ միայն իբրեւ մարդու ապագայի եւ անվտանգութեան ապահովման միջոց, այլեւ իբրեւ ռազմավարական քայլ` առեւտուրի զարգացման եւ դիրքաւորման համար»:
Յատկանշական է, որ hetq.am իր յօդուածին մէջ զգուշացուցած է, որ բազմաթիւ օտարերկրացիներ, որոնք շահագրգռուած են քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար ներդրումներ կատարելու գաղափարով, կրնան իրենց հետ բերել ամէն տեսակի ապօրինի գործողութիւններ, ինչպէս, օրինակ` տուրքերէ խուսափիլը, փողերու լուացումը, կաշառակերութիւնը եւ կազմակերպուած յանցագործութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնատար անձեր քաղաքացիութեան ծրագիրին համար պէտք է հաւասարակշռեն ներդրումներու շահերն ու թերութիւնները: Արտասահմանցի դիմորդները պէտք է մանրակրկիտ քննութեան ենթարկուին` մինչեւ իրենց ներդրումներուն դիմաց Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը:
Թարմացում` Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն ամերիկահայ թեկնածուներու մասին
Ի յաւելումն Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւններու ամերիկահայ թեկնածուներու ցանկին, որուն մասին ես տեղեկացուցած էի նախորդ յօդուածիս մէջ`
– Տիք Հարփութլեան (դեմոկրատ) ընտրուած է Հարաւային Քարոլայնա նահանգի ծերակուտական, 6 նոյեմբեր 2018-ին: Ան յաղթած է ձայներու 52,3 տոկոսով` ընդդէմ հանրապետական մրցակից Պենճըմին Տենի (47,6 տոկոս):
– Էնթընի Պրինտիզիի (դեմոկրատ) քուէարկութեան վերջնական հաշուարկին համաձայն, ընտրուած է Քոնկրեսի անդամ Նիւ Եորք նահանգէն, 6 նոյեմբեր 2018-ին: Պրինտիզիի մեծ մօր մեծ մայրը ծնած է Մարտին քաղաքը, հարաւ-արեւելեան Թուրքիա, ապա Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ փախած է Հալէպ, Սուրիա, ուր եւ ծնած է անոր մեծ մայրը: Յունուար 2019-ի դրութեամբ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ կ՛ընդգրկուին երեք ամերիկահայեր` Պրինտիզի, Էշու եւ Սփիր:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/418192