Թուրքիան Ռուսական Յարձակումէ Պաշտպանելու Համար Միասնակամութեան Կոչ Ուղղելէ Ետք. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդային Հարուածները Ամբողջ Շրջանը Կը Վտանգեն» Կ՛ըսէ Քարթըր

10 հոկտեմբեր 2015

Քարթըր եւ Ֆալըն
Քարթըր եւ Ֆալըն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր բրիտանացի իր պաշտօնակից Մայքըլ Ֆալընի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ Իրանի միջամտութիւնը շրջանին մէջ անոր ժխտական երեւոյթին մէկ երեսն է»:

«Պէտք է միակամ մնանք հակադարձելու համար մեր դաշնակից Թուրքիոյ դէմ ռուսական որեւէ յարձակումի կամ օդային տարածքի ոտնահարման», շեշտեց Փենթակոնի ղեկավարը` աւելցնելով.«Այդ վտանգները մեր դաշնակիցներուն եւ ինքնին Ռուսիոյ ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն»:

«Ռուսիա Սուրիոյ մէջ միջամտելով սխալ կը գործէ: Ան իր ազդեցութիւնը կրնայ օգտագործել Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան կազմութեան համար, իսկ ատիկա ընելը Քրեմլինի կը վերաբերի», ըսաւ Քարթըր` աւելցնելով. «Ռուսիա պէտք է Սուրիոյ մէջ տագնապը լուծելու համար Ասատի վրայ ճնշում բանեցնէ»:

«Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը ամբողջ շրջանը կը վտանգէ», ըսաւ ան:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական կործանիչներուն գործադրած հարուածները Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պաշտպանելու ծիրին մէջ են «եւ կացութիւնը կը բարդացնեն»` աւելցնելով, որ «ռուսական միջամտութիւնը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պատերազմը պիտի չփոխէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ տարածքին մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու տեղակայման դիմում չէ ներկայացուցած: Ան նշեց, որ Թուրքիա մտավախութիւն ունի, որ ռուսական օդային հարուածներուն պատճառով տեղահանուածներու նոր ալիք մը կրնայ յառաջանալ: Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած էր. «ՕԹԱՆ արդէն իսկ հակադարձած է աւելցնելով իր կարողութիւնը, մեր պատրաստուածութիւնը տեղակայելու ուժեր հարաւի մէջ, ներառեալ` Թուրքիոյ մէջ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ 8 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ ռուսական հարուածներու թիրախներուն վերաբերեալ: Անոնք նաեւ խօսած են Սուրիոյ մէջ երկու երկիրներուն միջեւ բախումներու կանխարգիլման համար բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց արձանագրելու կարեւորութեան մասին: Քերրի ընդգծած է, որ Սուրիոյ ճգնաժամը կարելի չէ լուծել զինուորական միջոցներով, եւ Սուրիոյ կացութեան բնականոնացումը կարելի է միայն երկրին մէջ իշխանափոխութեան ճամբով:

Մարդկային իրաւանց Սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Հալէպի մօտ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներէ գրաւած են շարք մը գիւղեր, ներառեալ` Թել Սուսինն ու Թել Քարահը եւ այժմ կը գտնուին Հալէպի հիւսիսային շրջանին մօտ գտնուող ճարտարարուեստի շրջանէն 2 քմ հեռաւորութեան վրայ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ռուսական օդուժը բուռն ռմբակոծումի ենթարկած է Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Քուրիս օդակայանին մերձակայ գիւղերուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի հետ:

Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի փոխանորդ, պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման մօտ օրէն պիտի այցելէ Սոչի, ուր պիտի փորձէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի ձեւին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ իսրայէլեան եւ ռուսական բանակէն սպաներու միջեւ աշխատանքային հանդիպում մը:

http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail