03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրկին ժխտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած G20 գագաթաժողովի մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
Prensa Armenia գործակալութեան փոխանցմամբ, հայ լրագրողը Էրտողանին հարց տուած է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու վերաբերեալ եւ աւելցուցած. «Ես Հայոց Ցեղասպանութենէն տուժած ընտանիքի ժառանգ եմ»:
«Թուրքիան չի կրնար մեղադրուիլ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ: Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցը պէտք է ձգենք պատմաբաններու քննարկման եւ լսենք, թէ անոնք ինչ կ՛ըսեն: Ես կրնամ վստահօրէն ըսել, որ ատիկա մեր պատմութեան մասը չէ, եւ մենք պատրաստ ենք ներգրաւուիլ որեւէ քննարկման մէջ», – ըսած է Էրտողան:
«Դուք գիտէ՞ք, թէ այս այժմ քանի հայ կ՛ապրի իմ երկրիս մէջ: Հարիւր հազարաւորներ, որոնցմէ մօտ 30 000-ը քաղաքացիներ են, իսկ մնացածը` առանց փաստաթուղթերու: Անոնք փախած են Հայաստանէն` Թուրքիա հաստատուելու համար: Եւ մենք անոնց թոյլ տուած ենք այդպէս ընել: Ընդհանուր առմամբ, 100 000 հայ կ՛ապրի մեր երկրին մէջ: Անոնք երբեք խտրականութեան չեն ենթարկուած իրենց ազգութեան համար, մենք երբեք ոեւէ հայ չենք արտաքսած այս հիմքերով: Մենք շատ մարդասէր ենք եւ պիտի շարունակենք այդպէս վարուիլ յետագային եւս»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
yerakouyn.com/2018/12/03/