Հայաստան Դարձեալ Աշխարհի Երրորդ Ամէնէն Ռազմականացուած Երկիրը Կը Նկատուի

04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստան առաւել քան 150 երկիրներու շարքին, 5-րդ տարին ըլլալով երրորդ տեղը կը գրաւէ «Համաշխարհային ռազմականացուածութեան ցուցանիշ 2018»-ի ցանկին վրայ: Պոննի Փոխարկումի միջազգային կեդրոնի (BICC) զեկոյցին համաձայն՝ աշխարհի ամէնէն ռազմականացուած երկիրը դարձեալ Իսրայէլն է, որուն կը յաջորդէ Սինկափուրը:

2007-էն 2009 Հայաստան ռազմականացուածութեամբ աշխարհի ութերորդն էր, 2010-2012՝ չորրորդը, 2013-էն ի վեր Հայաստան կը գրաւէ ամէնէն ռազմականացուած երկիրներու ցանկին երրորդ տեղը:

Ատրպէյճան մէկ կէտով նահանջած է 2017-ի հետ համեմատած՝ յայտնուելով 12-րդ հորիզոնականին վրայ:

Հայաստան ամէնէն ռազմականացուած երկիրը կը նկատուի նաեւ Եւրոպայի մէջ: Հայաստանի ռազմական ծախսերը կը կազմեն Համախառն ներքին արտադրանքի (ՀՆԱ) 6.4 տոկոսը. 1000 անձերուն հասնող զինուորականներու թիւը 6.1 է:

Զեկոյցները կը կազմուին 1000 անձերուն հասնող զինուորականներու, ռազմական ծախսեր/ՀՆԱ եւ ռազմական ծախսեր/առողջապահութեան ծախսեր յարաբերակցութեան, զինուորականներու թիւին ու ծանր սպառազինութեան քանակի ցուցանիշներուն հիման վրայ:

yerakouyn.com/2018/12/04

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail