04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ֆրանսական «MBDA Systems» ընկերութիւնը որոշած է Ատրպէյճանին ծախել «ASTER 30 SAMP/T» եւ «VL Mica» տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:
«Մենք արդէն իսկ Ֆրան-սայի կառավարութենէն ստացած ենք Ատրպէյճանին այս համակարգերը ծախելու արտօնութիւնը: Ատրպէյճանական կողմին հետ վաճառքի վերաբերեալ բանակցութիւնները շատ հաւանաբար աւարտին մօտիկ ապագային», ըսաւ ընկերութեան ներկայացուցիչը՝ ատրպէյճանական «AzeriDefence» լրատուական կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
asbarez.com/arm/331933