04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
9 Դեկտեմբերի ընտրութիւններուն, քուէարկողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը պիտի քուէարկէ այն խոստումներու ծրարին, որուն գործադրումն ու իրականացումը կը պատկերացնէ տեսնել շատ մօտիկ ապագային: Մենաշնորհներու արմատական կերպով վերացում, օլիկարգներու վերջնական հեռացում քաղաքական կեանքէն, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի կտրուկ բարելաւում եւ դատաիրաւական համակարգի վերակազմաւորում՝ նոր դատաւորներու նշանակումներու ճամբով. ահաւասիկ, այն ակնկալիքները, որոնց իրականացման համար մեծ յոյսեր կը փայփայէ ոչ միայն հայաստանաբնակ հայ ընտրողը, այլ նաեւ համայն հայութիւնը՝ Արցախէն մինչեւ Ջաւախք, Մոսկուայէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Այս ակնկալիքներուն իրականացումը մեկնակէտը պիտի հանդիսանայ առողջ ու կենսունակ հայկական պետութեան մը կազմաւորման:
Դժբախտաբար, հապճեպ կերպով կազմակերպուած գալիք ընտրութիւնները, պէտք եղած ժամանակը չեն տրամադրեր հայ ընտրողին՝ մօտէն ծանօթանալու համար մրցակից քաղաքական ուժերու նախընտրական ծրագիրներուն եւ մասնաւորապէս Հայաստանի ապագային եւ անվտանգութեան վերաբերող քաղաքական ռազմավարութիւններուն: Ի վերջոյ, կառավարութեան վարչակազմային մակարդակով իրագործուելիք ընկերային-տնտեսական ծրագիրի որդեգրումէն եւ գործադրումէն աւելին է, որ խնդրոյ առարկայ է հայութեան համար: Խորհրդարանի ընտրութիւնը միմիայն ընկերատնտեսական հարցերու լուծման համար չէ. տակաւին անլոյծ կը մնան Հայաստանի գոյատեւման հետ կապուած բազմաթիւ օրհասական հիմնախնդիրներ, որոնց գծով նորընտիր խորհրդարանը լուրջ ըսելիք պէտք է ունենայ:
Ըստ երեւոյթին, Ազգային ժողովի ընտրութիւնը պիտի կատարուի նախապաշարումներու եւ նախասիրութիններու ընդհանուր զգացական մթնոլորտին մէջ: Պատգամաւորներու ընտրութեան մէջ, գերակշիռ դեր պիտի խաղան անհատ ընտրողի ենթակայական տրամադրութիւնները, որոնք հիմնականօրէն բնական հակադրութիւնն են Հայաստանի վերջին 28 տարիներու իրերայաջորդ իշխանութեանց թողած տխուր ու անբաղձալի «ժառանգութեան»:
Մեծ հարցականը այն է, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ընտրուած խորհրդարանը որքանով ի վիճակի պիտի ըլլայ ծառայելու մեր ժողովուրդի համազգային իղձերու իրականացման՝ ընկերատնտեսական բնագաւառէն մինչեւ աշխարհաքաղաքական բնագաւառը: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն, արդեօք պիտի կարենա՞նք վեր բարձրանալ գաղափարախօսական մրցակցութենէ զուրկ այս ընտրապայքարէն եւ ընտրել խորհրդարան մը, որ համազգային մեր պահանջներուն եւ նպատակներուն գիտակցութիւնը եւ զգօնութիւնը ունի:
Անկախաբար խորհրդարանի անդամ ընտրուելիք պատգամաւորներու եւ կուսակցութիւններու քաղաքական հասունութենէն ու որակէն, անկարելի է, որ մեր բոլորին ակնկալիքներուն իրագործումը լուրջ լուծումներ գտնեն մօտ ապագային: Առ այդ, մեր համաժողովրդային պայքարը, ինչպէս անցեալին, յառաջիկային եւս նոր թափով պիտի շարունակուի՝ ի սէր բազմաչարչար մեր ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական եւ ազգային նպատակներու հաւասարապէս իրականացման:
Յաջողութիւն մեր ազգին՝ իր յարատեւ պայքարի ճամբուն ընթացքին:
asbarez.com/arm/331921/