04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Սառցահալը սկսաւ
Անկախութեան սկիզբին, Սփիւռքի հայախօս շրջանակներուն մեծագոյն յոյսն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եռագոյնին եւ զինանշանին կողքին, պիտի վերականգնէր դասական ուղղագրութիւնը՝ իբր հաշտութեան ամբողջական նշան իր ժառանգութեան հետ, կամրջելով երրորդը առաջինին, որ հռչա կուած էր եւ ձեռք բերուած անասելի ողբերգութիւններու եւ սխրանքներու գինով: Սակայն, յուսախաբութիւնը մեծ էր: Եւ երթալով դիրքերը այնքան կարծրացան, որ որքան այդ մասին խօսուէր, այնքան աւազախրումը կը մեծնար:
Մինչ այդ, Հայաստան-Սփիւռք 5 համագումարներ կայացան, ոչ մէկը իր օրակարգին մէջ ընդգրկեց այդ նիւթը, Հայաստանի պետական իշխանութիւններու կողմէ դրուած արգելքին պատճառով: Եւ ահա 25 տարի անց, անակնկալ կերպով, սփիւռքի նախարարութեան եւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Լեզուի հաստատութեան կողմէ կը յայտարարուէր «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ»ու շուրջ գիտաժողով Յուլիս 29-30, Երեւանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահական դահլիճին մէջ:
Գրեթէ քառորդ դար պէտք եղաւ, որ առաջին քայլը առնուի: Այս նախաձեռնութիւնը որքան ալ զգուշութեամբ եւ նոյնիսկ՝ կասկածով դիմաւորուի Սփիւռքի կարգ մը մտաւորական շրջանակներու կողմէ, պէտք է ողջունել եւ քաջալերել, որպէսզի անկեղծ երկխօսութեան միջավայր ստեղծուի: Կարծրատիպերը այնքան շատ են, որ զգուշութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ շուտափոյթ խանդավառութիւնը՝ անտեղի, որովհետեւ խրամատը շատ մեծ է յատկապէս սովետական գրելաձեւի պաշտպան հանդիսացող լեզուագէտներուն եւ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ շուտափոյթ լուծում պահանջող ճակատներուն միջեւ:
Սակայն, առ այսօր, կարելի է ըսել, որ յետ երկօրեայ քննարկումներու՝ կարգ մը խնդիրներ յստակ բանաձեւում ստացան: Առաջին՝ երկու լեզուաճիւղերու ինքնուրոյն կարգավիճակը, անոնց բնական հոլովոյթով յառաջխաղացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, խուսափելով բռնազբօսիկ հրամանագրային լուծումներէ: Երկրորդ՝ իւրաքանչիւր գրական լեզուաճիւղ ինքն իր ուղղագրական օրէնքներու ներքին տրամաբանութեան մէջ ունի խորթութիւններ, զորս կարելի է դիւրութեամբ հարթել տուեալ լեզուաճիւղի լեզուագէտներու կողմէ համակարգուած քննարկումէ ետք: Երրորդ՝ կեանքի կոչել յատուկ «Լեզուի բարձրագոյն մարմին», կազմուած Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն լեզուագէտներէ, ուսումնասիրելու համար յատուկ անուններու, ժամանակակից եզրաբանութեան եւ այլ լեզուական խնդիրները:
Սուրիահայ տագնապը իր ողբերգական բոլոր հետեւանքներով՝ ունեցած է իր բախտորոշ դերը լեզուներու մերձեցման կալուածէն ներս: Այսօր Երեւանի փողոցներուն մէջ, տարբեր անկիւններու, թաղամասերու մէջ, շատ բնական կը թուի արեւմտահայերէն լսելը: Ուրեմն, Հայաստան նաեւ արեւմտահայերէնի՞ հայրենիք. համոզումը կայ կարգ մը շրջանակներու մօտ:
Ամէն պարագայի, անմիջական շփումը կարեւոր ազդակ է լեզուաճիւղերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ Սփիւռքի մէջ տարածուած արեւմտահայերէնի ժառանգութեան նկատմամբ ալ յաւելեալ ուշադրութիւն ընծայելու առումով: Անոր, իմա՝ արեւմտահայերէնի հարիւրամեայ յարատեւումը առիթ է նաեւ Հայաստանէն դուրս ստեղծուած արեւելահայ նոր համայնքներուն համար՝ դասեր քաղելու անոր փորձէն:
Հարիւրամեակին, քաղաքականացած բազմաթիւ ոգեկոչումներէ եւ հանդիսութիւններէ ետք, վերջապէս ազգային կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի ազգային մեծ ողբերգութիւն մը սրբագրել: Նախաձեռնութիւն մը, որ ունի մշակութային, ազգային, գաղափարական էական նշանակութիւն տուեալ խնդիրին համար, որուն լուծումը կախեալ է, ոչ այս կամ այն միջազգային կազմակերպութենէն, կամ այս կամ այն գերտէրութենէն, այլ՝ լոկ հայութենէն:
Ունկնդրելէ ետք գիտաժողովին տրուած զեկոյցները, կարելի է անկասկած ըսել, որ կա՛յ քաղաքական կամք՝ անշարժութեան մատնուած լեզուական կալուածը շարժելու:
Արդիւնքը կախեալ է նաեւ եւ յատկապէ՛ս մասնակիցներու նախանձախընդրութիւնէն եւ մանաւա՛նդ պետութեան հեռանկարային գիտակցութենէն:
Ժիրայր Չօլաքեան
«Նոր Յառաջ»
diarioarmenia.org.ar