04 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին հարցում ուղղած է թրքական զինեալ ուժերը «իսլամութեան վերջին բանակ» կոչելուն վերաբերեալ:
Թրքական «Թէ24» կայքը կը հաղորդէ, որ Փայլան քննադատած է նախարարին այդ արտայայտութիւնը եւ հարցուցած, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ թրքական բանակ կը զօրակոչուին նաեւ քրիստոնէութիւն, հրէականութիւն եւ այլ կրօններ դաւանող քաղաքացիներ: «Թուրքիոյ բանակը իսլամակա՞ն բանակ է: Եթէ այո, ինչո՞ւ քրիստոնեաները, հրեաները եւ այլ կրօններ դաւանողները կը ծառայեն բանակին մէջ», հարցուցած է ան:
Ի պատասխան Աքար մէջբերած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան այն կէտը, ըստ որուն, Թուրքիոյ քաղաքացի եղող եւ 20 տարեկանը ամբողջացուցած իւրաքանչիւր տղամարդ ենթակայ է զինուորական ծառայութեան` առանց կրօնական խտրականութեան:
Փայլան նաեւ նախարարին ուշադրութեան յանձնած է բանակին մէջ զինուորներու կասկածելի մահերու դէպքերուն, որոնց մէկ մասին հիմքը կը կազմեն նաեւ կրօնական եւ ազգային խտրականութեան դրսեւորումները: Ան մասնաւորաբար յիշեցուցած է 24 ապրիլ 2011-ին հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքչըի սպանութեան դէպքը, որուն մեղաւորները մինչեւ օրս չեն պատժուած:
«Ձեր յիշատակած յանցանքը ապացուցող որեւէ տեղեկութիւն, ահազանգ կամ զեկուցում ներկայացուած չէ», պատասխանած է նախարարը:
diarioarmenia.org.ar