2018/12/04 – ԴԷՄՔԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Յիշենք Հիլալ-ի Ահմէր-ի հիմնադիր տքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեան փաշան
Տոքթ. Սարգիս Ատամ
Տիգրան Փէշտիմալճեան` հայ բժիշկ, հասարակականեւ քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, փաշա։
Ծնած է 1840-ին Իսթանպուլ-Խասգիւղի մէջ։ Տիգրան նախնական կրթութիւնը Ս. Ներսէսեան վարժարանի մէջ ստանալէն ետք՝ 1851-ին, կ՛երթայ Փարիզ ուսումը Մխիթարեան հայրերու Մուրատեան վարժարանի մէջ շարունակելու համար, բարձր աստիճանով շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1858-ին, ապա՝1861-ին, բարձրագոյն ուսումի կ՛սկսի Փարիզի բժշկական համալասարանի մէջ, ուրկէ 1867-ին, կ՛ստանայ բժշկական տոքթորութեան վկայագիրը: 1869-ին կը վերադառնայ Իսթանպուլ, կ՛ընտրուի, կայսերական բժշկական ընկերութեան անդամ, որուն նախագահի պաշտօնը կը վարէ 1877-1878 թուականներու միչեւ: Փէշտիմալճեան ունեցած է թէ՛ բժշկական եւ թէ՛ հանրային ու ազգային կեանքին մէջ օգտաշատ գործունէութիւններ՛, գնահատուած ոչ միայն ազգային շրջանակին մէջ, այլ բոլոր օտարազգի պաշտօնակիցներէ ու հասարակութիւններէ:
Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ երեսփոխան, անդակարկ ծառայած է հայ համայնքին, 1877-էն սկսեալ մաս կազմած է նաեւ Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանի քաղաքական ժողովին:
1880-1881 թուականներուն ստանձնած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի բժշկապետի պաշտօնը:
Տոքթ. Փէշտիմալճեանի կենսագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դրուագներէն մէկն ալ, անկասկած, իր ունեցած առաջնակարգ դերակատարութիւնն էր Թուրք Կարմիր մահիկի ծննունդին մէջ: 1877-ին, իր յամառ ջանքերուն շնորհիւ է, որ կը հիմնուի Թուրք Կարմիր մահիկը, որ այդ օրերուն կը կոչուէր «Հիլալի ահմեր», իսկ այժմ վերանուանուած է «Թիւրք գըզըլայ»:
1864-թուականին Ժընեւի մէջ հիմնուած էր արդէն Միջազգային Կարմիր Խաչը, գլխաւոր նպատակ ունենալով պատերազմի վիրաւորուած զինուորներու բուժօգնութիւնը. 1887-ին Ռուս-Օսմանեան պատերազմի մէջ, երբ որ հազարաւոր վիրաւոր զինուորներ անօգնական ու անխնամ մնացին, Ժընեւի Կարմիր Խաչ կեդրոնը նամակով մը դիմեց Օսմանեան Կայսերական Բժշկական Միութեան օրուայ նախագահ Տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեանի (1877-1878)` թելադրելով որ, Իսթանպուլի մէջ ալ հիմնուի ՛՛Կարմիր Խաչ՛՛ ի կազմակերպութեան մէկ տարբերակը: Տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեան, անմիջապէս շարժման անցնելով, պաշտօնապէս կը դիմէ Կայսրութեան Պատերազմի Նախարարութեան եւ Սատրազամ-Վարչապետ Մէհմէտ Ռիւշտի Փաշայի ու կը խնդրէ անոնց արտոնութիւնը ու աջակցութիւնը եւ այսպէսով 1877- կը ծնի Հիլալի Ահմէր, Թուրքիոյ այսօրուայ Կարմիր Մահիկը: Կայսրը գնահատելով Փէշտիմալճեանի տաղանդը` 1884-ին իր խորհդատու բժիշկը անուանած եւ 1892-ին փաշայութեան տիտղոսը շնորհած է։ Ան միշտ սատարող եղած է բարենպատակ հաստատութիւններուն:
Փէշտիմալճեան, աշխատակցած է թրքահայ եւ ռուսահայ թերթերու մէջ:
Տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեան փաշա մահացած է, 3 դեկտեմբեր 1894 թուականին եւ թաղուած է, Իսթանպուլ-Շիշլիի Հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ։
Դժբախտաբար ան ունեցաւ կանխահաս, խորհրդաւոր եւ չլուսաբանուած մահ մը, անոր մահի վերաբերեալ ընդհանուր համազումն այն է որ, զոհ գացած է Սուլթան Համիտի սարքած քողարկեալ մէկ դաւադրութեան:
Շատ պարզ է երեւոյթը։ Օսմանեան կայսրութիւնը հայը գործածեց իր բարգավաճման համար: Հիլալ Ահմերէն մինչեւ Պոլսոյ պատմական պալատները, ճարտարագետութիւնէն, բժշկութենէն, մշակոյթէն, երաժշտութիւնէն մինչեւ թատրոն եւ տպագրութիւն, լուսանկարչութիւն, Օլիմբիքներէն մինջեւ իրնենց քայլերգը եւ նաեւ լեզուաբանութեան զարգացում հայ գործածուեցաւ եւ այդ ամենէն յետոյ փորձուեցաւ փչացնել ու ոչնչացնել, ի վերջոյ կողոպտեցին եւ դուրս նետեցին: Երախտապարտութեան ինչ՞ ըլլալը չէին գիտեր եւ սորվիլ ալ չէին ուզեր: Իսկ մենք ,միամիտութեան մղուած էինք, չէինք կրնար կացութեան անդրադառնալ:
1) Ազատ հանրագիտարան
2) Յիշատական Վ. Գ. Զարդարեան Ա.հատոր–Կ.Պոլիս 1910
3) Թուրք Կարմիր Մահիկի Բուն Հիմնադիրը Տոքթ. Տիգրան Փաշա Փեշտիմալճեան–Լեւոն Շարոյեան (Ազդակ 2015)
Hyetert.org
akunq.net/am/?p=63415