ՉԷ ԿԵՒԱՐԱՅԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

11 հոկտեմբեր 2015

chevera
9 Հոկտեմբեր 1967-ին Քօմանտանդէն արիւնլուայ կը տապալէր մեծ երազ մը աչքե՜րուն: Բոլոր ժամանակներու ամենաառինքնող յեղափոխականը կ’անշնչանար` իտէալական անուրջի մը ճամբուն:

Պաղ Պատերազմի ամենաթէժ հանգրուանին համընկաւ ամբոխներ փոթորկող այն մարտիկին յեղափոխական կեանքը, որուն անունն է Չէ Կեւարա կամ կարճառօտ` Չէ
:
Արժանթինի ծնունդ Չէ-ն ազգային ազատագրական պայքարը դուրս բերելով իր նեղ շրջագիծէն, հրապարակ իջաւ համամարդկային դատի մը ջատագով որպէս եւ միջազգային վարկ ու հեղինակութիւն նուաճեց այն պատճառով, որ յեղափոխական պայ֊քարը խարսխեց դասակարգային ճակատումի տրամաբանութեամբ` յանուն ընկերային արդարութեան եւ հաւասարութեան:

Պատմութիւնը ինչպէ՜ս պիտի լճանար եւ անհրապոյր դառնար եթէ շահագործողներ մնային իրենց դիրքերուն վրայ աներեր պնդաճակատութեամբ եւ ճնշեալներ համակերպէին իրենց վիճակին` հլու հնազանդ կերպով ու գլխի֊կոր կեցուածքով: Եթէ յեղափոխութիւններ եւ յեղափոխականներ չզարդա֊րէին պատմութեան էջերը իրենց անբիծ արեամբ, ո՞վ գիտէ անարդարու֊թիւններն ու իրաւազրկումները ինչպիսի՜ ծաւալներու պիտի հասնէին եւ պիտի յարատեւէին սանձազերծ լպիրշութեամբ:

Լատին-ամերիկեան զաւակ էր Քօմանտանդէն, սակայն ան միջազգային յարաբերութիւնները, աշխարհի բռնաբարեալ հաւասարակշռութեան գեր֊խնդիրը չընկալեց այդ ցամաքամասին շրջածիրին մէջ միայն, այլ` համընդհա֊նուր պրիսմակով խորաչափելով դասակարգային հակասութիւնները, յափշտակիչի եւ յափշտակեալի կատաղի գօտեմարտը, համայնանուէր ոգիով զօրաշարժեց Երրորդ Աշխարհի երկիրները Ափրիկէէն մինչեւ Միջին Ամերի֊կա, Ասիայէն մինչեւ արաբական երկիրներ: Հետեւաբար, ան հանուր մարդկութեան զաւակն էր իր գաղափարանուէր դաստիարակութեամբ եւ օրինակելի վարքագիծով:

Քօմանտանդէին մարմնեղէն կեանքը դադրեցաւ 39 տարեկան հասակին, երբ ամերիկեան հետախուզական զինեալ ուժեր Պոլիվիոյ Իկերա գիւղին մէջ կրցան ՙորսալ՚ այնքա՜ն ցանկալի թիրախը: Դադրեցաւ, բայց չվերջացաւ… քանզի հոգեւոր ու գաղափարական կեանքը անոր շարունակուեցաւ ընկեր֊վարական, ձախակողմեան եւ յեղափոխական երիտասարդութեան մօտ: Եւ տակաւին կը շարունակուի, դառնալով խորհրդանիշը ընկերային պոռթկում֊ներու, դասակարգային ցոյցերու եւ անարդարութեան դէմ ընդվզումներու. յետ-մահու կեանքը անոր եղաւ աւելի սպառնալից դրամատիրական եւ վաշխառուական այն շրջանակներուն, որոնք իրենց տնտեսական լծակներով խաղի դաժան կանոններ կը հաստատեն ամէնուրեք: Չէ-ն եւ իր անշեղ յետնորդները ՙչէ՛՚ կ’ըսեն վայրագ վարչակարգերու ամէն գոյնի մանկլաւիկներու, որոնք ցաւ ի սիրտ նուազելու փոխան` կը բազմանան ու առաւել եւս կը լկտիանան:

Քօմանտանդէն դեռ շատ կանուխ ըմբռնեց, թէ իր իսկ նախընտրած բա֊ռով` ՙեանքի՚ներու երկիրը (կամ ՙԵանքիլենտ՚- ԱՄՆ) որդեգրած է աշխար֊հատիրութեան այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որուն ժանիքներուն զոհը պիտի դառնան այդ տիրակալութիւնը մերժող երկիրներ, ժողովուրդներ թէ քաղաքական հոսանքներ: Հետեւաբար, տրամաբանութիւնը կը տանէր համաշխարհային յեղափոխութեան գաղափարին, ընկերվարական ուժերու միասնական պայքարին, շահագործման ենթակայ տարրերու համախմբու֊մին: Այդ միասնութեան շաղախը եղաւ Քօմանտանդէն` իր գաղափարական հզօրութեամբ, բուռն եռանդով, գործի ու պայքարի մարտական ուղիով: Ինք եղաւ համախմբող առաջնորդը բազում համախոհ եւ ճակատագրակից ուժերու, իսկ իր նահատակութենէն ետք` առասպելատիպ հերոսը հակա-ամերիկ֊եան եւ հակա-դրամատիրական բոլոր շարժումներուն:

Պահպանողականներ, կակղամորթներ, թերխաշ փոլիթիքոսներ եւ դրա֊մա֊֊տի֊րութեան պատեհապաշտ խնկարկուներ կը խրտչին յեղափոխութիւն բառէն, կը վանեն յեղափոխականները որպէս վտանգաւոր տարրեր, արիւնի սիրահար արկածախնդիրներ, տաքգլուխ ամբոխավարներ. կարծէք յեղա֊փոխականները կռուազաններ ըլլային կամ ինքնանպատակ տաքարիւններ: Բայց ի՞նչ կը մատնանշէ Քօմանտանդէն. ՙՄեզ պայքարի կը հարկադրեն եւ մենք այլ ելք չունինք, քան ատոր նախապատրաստուիլը եւ համարձակօրէն մարտի նետուիլը՚:

Ֆրանսացի մարդկայնական փիլիսոփայ Ժան-Փօլ Սարթրը այսպէս կը բնութագրէ Չէ-ն` ՙամենակատարեալ մարդը իր ժամանակաշրջանին՚: Ի՞նչ հիմք ունէր ան: Արդարեւ, Չէ-ն իր ծաւալած բոլոր մասնագիտութիւններուն մէջ եղաւ առաջատար, հմուտ ու կատարեալ: Բժիշկ, հրոսակային մարտերու տեսաբան, ռազմագէտ, քաղաքագէտ, նախարար, տնտեսագէտ, հռետոր, ելեւմտագէտ, գրող (հանրածանօթ իր օրագրութիւններով եւ ճառերով), ծրագ֊րաւորող, մարտիկ, դեսպան, առաջնորդ, արդիւնաբերող: Այնքա՜ն խոնարհ` որ բանուորներու հետ միախառնեց իր քրտինքը` ֆիզիքական աշխատանքով: Մինչեւ ՄԱԿ-ի ամպիոն` առնական ելոյթով:

Իսկական աշխարհաքաղաքացի, որ աշխարհի որեւէ վայրի անարդարութեան դէմ ընդվզումը համարեց նաեւ իր պարտականութիւնը. ան կը գրէ, թէ ՙԿուաթե֊մալայի մէջ ինքզինքս կը զգամ կուաթեմալացի, Մեքսիքոյի մէջ` մեքսիքացի, Պոլիվիոյ մէջ` պոլիվիացի, Քուպայի մէջ` քուպացի՚, որովհետեւ բոլորին դատը կը համարէ իր սեփական դատը: Ան բնական զինակիցն էր ուրեմն ճնշեալին, աշխատաւորին կամ մարտիկին: Ի հարկէ, այս զոհաբերութենէն տուժեց իր հարազատ ընտանիքը, քանզի իր տիկինը Հիլտա Կատէա կ’ըսէ. ՙԵս կորսնցուցի իմ ամուսինս Քու֊պայի յեղափոխութեան մէջ՚: Աւելին, Քօմանտանդէն իր հրաժեշտի նամակին մէջ Ֆիտել Քասթրոյին ուղղուած կը գրէ. ՙԵս որեւէ նիւթական սեփակա֊նութիւն չեմ թողուր իմ տիկնոջս ու զաւակներուս. ասոր համար չեմ զղջար. ես երջանիկ եմ ասոր համար՚: Անշուշտ ուրիշ տղամարդկանց համար սա վիրաւորական է եւ անպատուաբեր, սակայն ինք ի սկզբանէ ատեց ինչքն ու կալուածը, դրամն ու նիւթը: Իր ժուժկալ, համեստ կեանքով ապացուցեց, որ պէտք է ապրիլ ինքնաբաւ` առանց կախեալութեան դրամատիրոջ կամ վաշխառուին, ինչպէս պետութիւններ` անկախ ու ինքնաբաւ` առանց ԱՄՆ-ի կամ տնտեսական հսկաներու ենթարկուածութեան:
48 տարիներ առաջ կ’իյնար բոլոր ժամանակներու առասպելատիպ յեղափոխականը այն մեծ երազի ճամբուն վրայ, որ մարդկութեան մէջ պիտի հաստատէր արդարութիւնը, հաւասարութիւնը եւ համաշխարհային խաղա֊ղութիւնը: Ինկաւ` երազը սիրտին:

Երազը չիրականացաւ. ուրեմն` Չէ-ն կ’ապրի՛. Չէ-ն անմա՛հ է:
Աւելի ճիշդ` երազը աւելի չհեռացա՞ւ մարդկութենէն…:

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

«Արարատ»Պէյրութ

http://arevelk.am/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail