06 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ 60 օր տուած են 1987-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարներ Ռանըլտ Ռեկընի եւ Միխայիլ Կորպաչովի կնքած «Միջին եւ փոքր հասողութեամբ հրթիռներու ոչնչացման մասին» համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման համար: Այլապէս, Ուաշինկթըն կը սպառնայ լքել համաձայնագիրն ու նոր հրթիռներ ստեղծելու, փորձարկելու եւ տեղակայելու կարելիութիւն ստանալ:
«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ այդպիսի վերջնագիր ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, որ այս մասին յայտարարած է Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ Ռուսիա կը խախտէ համաձայնագիրի պահանջները` ստեղծելով արգիլուած հրթիռներ:
«Հաշուի առնելով այս փաստերը` Միացեալ Նահանգներ կը յայտարարեն, որ Ռուսիա խախտած է համաձայնագիրի կանոնները: Եւ եթէ Ռուսիան 60 օրուան ընթացքին չվերադառնայ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարման, մենք եւս պիտի դադրեցնենք մեր պարտաւորութիւններու կատարումը», ըսած է Փոմփէօ:
Բրիտանական օրաթերթը կը նկատէ, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը աշխարհի վրայ սպառազինման նոր մեծ մրցավազքի սկիզբը կը յայտարարէ, ինչ որ նախ եւ առաջ լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջացնէ Եւրոպայի համար: Յայտնի է, որ նշեալ համաձայնագիրին շնորհիւ հիւլէական մարտագլխիկներով հրթիռները երեք տասնամեակէ աւելի չեն տեղակայուած Եւրոպայի տարածքին:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Փոմփէոյի յայտարարութիւնը, նշած է, որ Մոսկուա կը հետեւի համաձայնագիրի բոլոր պահանջներուն:
«Եւ ամերիկեան կողմը այդ մասին գիտէ», ընդգծած է Զախարովա:
Ռուս ծերակուտական Ալեքսէյ Փուշքով իր կարգին մեկնաբանելով Փոմփէոյի ներկայացուցած վերջնագիրը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ուաշինկթընի մէջ կը հասկնան, որ Մոսկուան պիտի մերժէ վերջնագիրը: Եւ այդ ժամանակ անոնք ամբողջ աշխարհին պիտի յայտարարեն, թէ ամէն ինչի մէջ դարձեալ մեղաւոր է Ռուսիան, եւ այդ պատճառով անոնք կը պատռեն համաձայնագիրը: Անոնց հիմնաւորում պէտք է: Այդ է Փոմփէոյի վերջնագիրին իմաստը»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն դուրս պիտի գայ «Միջին եւ փոքր հասողութեան հրթիռներու ոչնչացման մասին» համաձայնագիրէն:
aztagdaily.com/archives/418901