06 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018:
Ֆրանսական յայտնի GEO ամսագրի Դեկտեմբերի թիւին մէջ լրագրող Փաթրիկ Պուաթէի հեղինակութեամբ լոյս տեսած է Արցախին նուիրուած 16 էջէ բաղկացած յօդուածաշարք: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, «Լեռնային Ղարաբաղ. Կովկասի սեւ այգին» խորագիրը կրող յօդուածաշարքը Արցախը ընթերցողին կը ներկայացնէ որպէս վանքերով ու այգիներով հարուստ, Հայաստանի մէկ կտորը հանդիսացող չճանչցուած պետութիւն, որ բաց երկիր է եւ աշխարհին կը ցանկայ ցոյց տալ իր ողջ գրաւչութիւնը:
Յօդուածին մէջ հեղինակը անդրադարձ կը կատարէ 19-րդ դարասկիզբէն սկսած Արցախ աշխարհի պատմութեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ ատոր կարգաւորման գործընթացի որոշ տեսակէտներուն, Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան, տնտեսութեան եւ անոր տարբեր ճիւղերուն, մասնաւորապէս զբօսաշրջութեան զարգացման, պատերազմի սպառնալիքի տակ Արցախի բնակչութեան առօրեայ կեանքին: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ հակառակ անորոշ կարգավիճակին, երկրի տնտեսութիւնը կը զարգանայ` արձանագրելով տարեկան 10 տոկոս աճ:
«Հայերու համար Արցախը պատմութեամբ յագեցած վայր է, ազգային դիմադրութեան սիրտը, վերջին ամրոցը, ուր կը պատսպարուէին թշնամիի յարձակման ժամանակ, նաեւ` ուխտագնացութեան վայր, իր վանքերուն շնորհիւ (Դադիվանք, Գանձասար), որոնք հայերու պատմամշակութային ժառանգութեան ամենահիասքանչ նմուշներէն են»,- կը նշէ հեղինակը:
yerakouyn.com/2018/12/05/