06 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – Հաղորդագրութիւն:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածած է՝ մտահոգութիւնը յայտնելով Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը․
Վերջին շաբաթներուն մամուլէն հետեւեցանք Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ մտահոգութեամբ իմացանք հոն ստեղծուած իրավիճակին մասին։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, իր անուանակից Համազգային թատրոնի հետ երկար ճանապարհ անցած է, առանց անոր հետ որեւէ օրինական կապ ունենալու։
Պատահական չէ Հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի նահապետ Սօս Սարգսեանի կողմէ ստեղծուած այս թատրոնի Համազգային անուանումը։
90-ականներու սկիզբը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը եւ Համազգային թատրոն նորանկախ հայրենիքին մէջ հիմնադրուեցան ու գործունէութիւն ծաւալեցին ձեռք ձեռքի։ 1991-ին Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ Համազգայինի գրասենեակը հայ վաստակաշատ արուեստագէտներու ջանքերով, որոնց շարքին էր Սօս Սարգսեանը, որ քանի մը տարի ետք նախաձեռնեց նաեւ Համազգային թատրոնի հիմնումին, թիկունքին ունենալով ո՛չ միայն Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը, այլ` երկար տասնամեակներէ ի վեր սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահապաններէն հանդիսացող Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան համաշխարհային կառոյցը։
Համազգային թատրոնը, hետագային ստանալով հանդերձ պետական կարգավիճակ, շարունակեց մնալ Համազգայինի ուշադրութեան կեդրոնը եւ վայելել անոր հովանաւորութիւնը։ Համազգային թատրոնն ու Համազգային միութիւնը ունին միացեալ բնորոշ յատկութիւն՝ հաւատարմութիւն։ Համազգային միութեան իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններ շարունակեցին հաւատարմօրէն գուրգուրալ այս թատրոնին, իսկ թատրոնի ստեղծագործական կազմը, շարունակեց հաւատարմօրէն եւ անսակարկ նուիրումով ծառայել այս թատրոնին, նպաստելով անոր վերելքին։
Սօս Սարգսեանի մահէն ետք, Համազգային թատրոնը, շարունակեց իր առաքելութիւնը, շնորհիւ Սօսի արժանաւոր ժառանգորդներուն, որոնք կազմաւորուելով եւ իբրեւ արուեստագէտներ թրծուելով այս թատրոնին մէջ, մնացին հաւատարիմ Սօս Սարգսեանի աւանդին. աւանդ, որուն առջեւ կը խոնարհի իւրաքանչիւր հայ։
Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է ժողովուրդին կողմէ, հետեւաբար անոր գոյատեւման ապահովումը, մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնն է։ Մեր բոլորին բարոյական պարտքն է երաշխաւորել այս թատրոնի գործունէութեան անխափան շարունակութիւնը Սօս Սարգսեանի շունչով եւ ոգիով, ստեղծելով արուեստի արդիւնաւէտ մթնոլորտ, հեռու հատուածային կամ անհատական շահերէ, հիմնուած՝ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ։
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի Սօս Սարգսեանի գերմարդկային ճիգերուն արգասիքը հանդիսացող եւ այսօր իր անունը կրող Համազգային թատրոնին վնաս հասցնելու։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 5 Դեկտեմբեր 2018