Րաֆֆի Տուտագլեան. Մի քանի մտորումներ՝ աննախադէպ հեռուստաբանավէճէն ետք

Նամակ երկրէն

06-12-2018 12:47:53 | Հայաստան | Մեկնաբանություն
– Մտահոգ եմ, որ Նիկոլ Փաշինեանի թիմը բացարձակ մեծամասնութենէն աւելին ունենայ նոր խորհրդարանին մէջ՝ մինչեւ 75-80 տոկոս:
– Մտահոգութեանս պատճառը պարզ է՝ ուժեղ ընդդիմադիր ուժ չկայ այս ընտրութիւններուն: Փաստը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեանի թիմէն զատ, մնացած բոլորը հաշտուած են պարտութեան հետ եւ կը ձգտին ընդամէնը տեղ գրաւել նոր Ազգային Ժողովին մէջ:
– Այնպէս կ’երեւի, որ նախապէս իշխանութիւն եղած ուժերը՝ ՀՀԿ, ՕԵԿ, ԲՀԿ եւ ՀՅԴ, խորհրդարան մտնելու մեծ մարտահրաւէրի առջեւ են: Հանրութիւնը աններող կրնայ ըլլալ այս կուսակցութիւններուն հանդէպ, մանաւանդ երբ ասոնցմէ ոչ մէկը անդրադարձաւ իր անցեալի սխալներուն եւ ոչ մէկ մեղայական արտասանեց:
– Վիգեն Սարգսեանը իրբեւ փորձառու քաղաքական գործիչ, փորձեց, բայց չկրցաւ իր դերը կատարել եւ Նիկոլին ներկայացնել որպէս ձախող ու վտանգաւոր ղեկավար: Իսկ երբեմն կոպիտ էր ու աղմկող: Սիրուն չի, Վիգեն ջան…
– Հաճելի անակնկալ էր Սոցիալ Դեմոկրատ կուսակցութեան ներկայացուցիչը: Եթէ հիմա ընդդիմութիւն ձեւաւորելն է այս ընտրութիւններու գլխաւոր նպատակը, Սոցիալ Դեմոկրատները, իբրեւ նորակազմ ու թարմ ձախակողմեան ընկերվարական կուսակցութիւն, կրնան լաւ հակակշիռ ըլլալ իշխանութիւններուն: Բայց նոր են եւ անծանօթ, շատ շանս չունին խորհրդարան մտնելու: Լաւ ապագայ կրնան ունենալ, եթէ քաղաքական դաշտի ձախ բեւեռը դատարկ մնայ…
– Ցաւալի էր, որ 128 տարեկան համահայկական կուսակցութիւնը՝ ՀՅԴ-ն, տիրական ներկայութիւն չեղաւ բանավէճի ընթացքին եւ մնաց ՀՀԿ-ի շուքին տակ, ու շարունակաբար յիշուեցաւ իբրեւ կցորդ եւ կոալիցիոն քաղաքական ուժ: ՀՅԴ-ն, իր պատմութեամբ եւ իր ստեղծած համահայկական գործունեայ կառոյցներով, ազգային արժէք է եւ պէտք է կարողանայ յաղթահարել այս դժուար ժամանակաշրջանը եւ հանրութեան այլեւս ներկայանայ նոր, թարմ եւ տեսլական ու ոգի ունեցող դէմքերով:
– Ծառուկեանի կլասիկ ներկայութիւնը հաճելի էր. վերջ ի վերջոյ հումորն ալ կարեւոր է: Լարուած մթնոլորտը ծիծաղով թեթեւցնելու լաւ առիթներ ստեղծեց: Յուսամ որ քաղաքական բեմէն չ’անհետանար, մանաւանդ որ Գալուստ Սահակեանն ալ չկայ այս օրերուն:
– Ոմանք փորձեցին քաղաքական կեղծ օրակարգ պարտադրել՝ LGBT եւ այլ նման բաներով: Լաւ էլի, այլ զբաղում գտէք… Միայն իրենց սեռային կողմնորոշումով շփոթած մարդիկ շարունակաբար նմանօրինակ նիւթերով կը զբաղին:
– Հազար անգամ ըսինք ու կրկնեցինք, որ Արցախի խնդիրը մի վերածէք քաղաքական տիվիդենդներ շահելու միջոցի: Կրկնութիւնը, երեւի, սորվեցնելու լաւագոյն ձեւը չէ: Արցախի խնդիրը Մատրիտեան սկզբունքներով լուծելու որոշումը կայացուցած են Սերժն ու Ռոբերտը: Խնդիր ունիք, այս զոյգին դիմեցէք, փոխանակ հետերնին քաղաքական ամուսնութիւն կնքելու: Միակողմանի զիջումներ չեն եղած ու պիտի չըլլան: Հող տալն ալ՝ առանց փոխարէնը շատ աւելի կարեւոր այլ հողեր վերցնելու, բացառուած է:
– Սասնայ Ծռերէն աւելին կ’ակնկալէի: Վարուժան Աւետիսեանը հաւասարակշռուած էր, բայց տիրական չէր:
– Այս բանավէճի ընթացքին հնչած մի քանի լաւ խօսքեր դեռ շատ երկար պիտի յիշուին: Ես դեռ չեմ գտած իմ կլասիկը, եթէ դուք գտած եք, խնդրեմ գրեցէք:


Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail