«Տանըլտ Թրամփին Կ՛ըսեմ, Եւ Ֆրանսայի Նախագահն Ալ Կ՛ըսէ. «Մեր Ազգը Հանգիստ Ձգէ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի տնտեսութեան նախարար Պրիւնօ Լը Մեր յայտնեց, որ «Դեղին բաճկոն»-աւորներու ցոյցերը ֆրանսական տնտեսութեան համար «աղէտ մը» եղած են: Ան կացութիւնը «տագնապ մը» նկատեց, թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ ալ ժողովրդավարութեան համար:

Ան մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ցոյցերուն պատճառով վնասուած խանութներ այցելելու ընթացքին յայտարարեց. «Աղէտ մըն է առեւտուրին համար, աղէտ մըն է մեր տնտեսութեան համար»:

Շաբաթ օր շուրջ 125.000 ցուցարարներ փողոց դուրս եկան, եւ աւելի քան 1700 անձեր ձերբակալուեցան: Ամէնէն շատ վնասուող քաղաքը եղաւ Փարիզը, ուր 10 հազար անձերու մասնակցութեամբ ցոյցին ընթացքին պատուհաններ փշրուեցան, ինքնաշարժներ հրկիզուեցան եւ խանութներ կողոպտուեցան:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան բուռն կերպով հակազդեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ շաբաթ օր «Թուիթըր»-ի վրայ իր գրառումներով կը թուէր ակնարկել, թէ անկարգութիւններուն պատճառը կենսոլորտի փարիզեան համաձայնութիւնն է:

«Տանըլտ Թրամփին կ՛ըսեմ, եւ Ֆրանսայի նախագահն ալ կ՛ըսէ.«Մեր ազգը հանգիստ ձգէ», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որուն հրաժարականը կը պահանջեն ցուցարարներէն շատեր, յառաջիկայ օրերուն ժողովուրդին ուղերձ մը պիտի յղէ:

Էրտողան. «Տեսէք, Թէ Ի՛նչ Օրուան Մնացին Անոնք, Որոնք Կ՛ըսէին,
Թէ Մեր Ոստիկանները Կը Տանջեն Իրենց Ժողովուրդը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, մեկնաբանելով Ֆրանսայի մէջ «դեղին բաճկոն»-աւորներու բողոքի ցոյցերն ու անոնց ընթացքին ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ արձանագրուած բախումները, յայտարարած է. «Ներգաղթեալներուն եւ իսլամութեան դէմ ատելութիւն սերմանողները ինկան իրենց իսկ փորած փոսը»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթը:

«Տեսէք, թէ ի՛նչ օրուան մնացին: Մեր ոստիկանները ծաղրողները, անոնք, որոնք կ՛ըսէին, թէ մեր թուրք ոստիկանները կը տանջեն իրենց ժողովուրդը, տեսէք, թէ հիմա իրենց ոստիկանները ինչեր կ՛ընեն: Եւրոպան ձախողած է ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան իր քննութեան մէջ», ըսած է Էրտողան:

aztagdaily.com/archives/419320

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail