10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացուած պիտի չըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան 7րդ գումարման Ազգային Ժողովին մէջ:
Սա պարտութիւն է, սակայն ոչ` մեր ընտրողներուն:
Եւ այս պարտութեան մէջ մենք կը տեսնենք հետեւեալը.
Ա. ընտրողը այսօր իր ձայնը տուաւ անհատին, ոչ գաղափարին ու ծրագրին,
Բ. ընտրութեան մասնակողներուն մեծ մասը այսօր կեդրոնացած է «ներքին թշնամի»ի կերպարին վրայ ու ապշելու աստիճան անհոգ է արտաքին եւ ներքին վտանգներուն յանդիման,
Գ. Դաշնակցութեան մօտեցումները այսօր կ՛ընկալուին փոքրամասնութեան կողմէ,
Դ. Պատշաճօրէն կարեւոր չի համարուիր արցախեան գործօնը քաղաքական օրակարգի վրայ,
Է. Կը ձեւաւորուի Ազգային ժողով մը` առանց յստակ գաղափարական եւ ազգային դիմագիծի:
Այս կարճատեւ քարոզարշաւը նաեւ կարեւոր էր այն բանով, որ մենք`
Ա. Ստացանք իրատեսական պատկերացում համակիրներու այն բանակին մասին, որ կը մասնակցի մեր պայքարին: Այդ բանակը փոքրաթիւ է, բայց փոխարէնը իրական, անոր որոշումը յստակ է, ոչ մոտայիկ եւ թելադրուած է միայն ու միայն ներքին համոզումով ու յստակ գիտակցութեամբ: Ոչ մէկ անգիտակից քուէ, ոչ մէկ պատահական մարդ:
Բ. Կրցանք բանավիճիլ, բարձրաձայնել մեր մտահոգութիւնները, հակադարձել վտանգաւոր միտումներուն, բերել մեր փաստարկները: Այժմ մեր խօսքը լայն ընկալում չունեցաւ ու թերագնահատուեցաւ, սակայն մենք յաջողեցանք ցոյց տալ իրավիճակը անտեսուած կողմէ, մտածելու ու վերլուծելու առիթ ստեղծել ու արթնցնել զգօնութիւնը: Ժամանակի ընթացքին անկողմնակալ, հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ ու Արցախի հիմնախնդրի նշանակութիւնը ճիշդ պատկերացնող մեր քաղաքացիները պիտի համադրեն ամէն օր ստացուող նորութիւնները մեր հնչեցուցած մտահոգութիւններուն հետ եւ պիտի գիտակցին, թէ ինչի մասին կը խօսէինք, կ՛ահազանգէինք:
Մենք շնորհակալ ենք ՀՅԴ-ին կողմ քուէարկած քաղաքացիներուն,
Մենք շնորհակալ ենք մեր երիտասարդներուն`
– անմնացորդ նուիրումի ու կրակոտ զօրութեան համար,
– մեր ընդհանուր գործին մէջ հոգի դնելու համար,
– հայութեան ամենաազգային եւ ամենապատասխանատու կազմակերպութեան հետ իրենց կեանքը կապելու համար:
Շնորհակալ ենք մեր շարքերուն`
ամենօրեայ հետեւողական աշխատանքի,
• տարիներով ապացուցուած հաւատարմութեան,
• խստապահանջութեան, դիտողութիւններու, բայց եւ կարգապահութեան համար:
Կը փակուի պատմութեան այս փուլը ու կու գայ նորը: Մենք մուտք կը գործենք այդ նոր պատմութեան մէջ համազգային կուռ կառոյցով, ապագայի մեր երազանքով ու պայքարելու վճռականութեամբ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
10 Դեկտեմբեր 2018
yerakouyn.com/2018/12/10/