11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը մեկնաբանած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի երէկ ըրած յայտարարութիւնը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը՝ վկայակոչելով «Ռուսարմինֆօ»ն։
Աշխատակազմը կրկնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է Ատրպէյճանին վերադարձնել «գրաւուած տարածքներ»ը եւ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն:
Յիշեցնենք, որ երէկ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանը պատրաստ է ուղիղ յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ` առանց նախապայմաններու:
yerakouyn.com/2018/12/11/