Փաշինեան Կը Վերահաստատէ Առանց Նախապայմաններու Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններ Հաստատելու Պատրաստակամութիւնը

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Օտարերկրեայ լրատուական միջոցներու հետ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10-ին ունեցած իր հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու:

«Յուսով ենք, որ Թուրքիան նոյնպէս այդպիսի կեցուածք կ՛ընդունի»,- “Արմենփրես”-ի հաղորդմամբ՝ ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանի համար անընդունելի նախապայմաններու շարքին Փաշինեան նշեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «Բայց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կապուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի հետ, երրորդ երկրի հետ: Ես նկատի ունիմ Ատրպէյճանը»,- ըսաւ Փաշինեան:

Նոյն հանդիպման ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ է, եւ չի ձգտիր դէպի ՆԱԹՕ, բայց պիտի շարունակէ պահպանել յարաբերութիւնները դաշինքին հետ:

«Մենք ՆԱԹՕ-ի հետ ունինք յարաբերութիւններ, որոնք կապուած են խաղաղապահ առաքելութիւններու հետ, ինչպէս՝ Քոսովոյի, Աֆղանստանի, եւ մենք պիտի շարունակենք այդ համագործակցութիւնը: Բայց մենք չենք ձգտիր դէպի ՆԱԹՕ, մենք ՀԱՊԿ-ի անդամ ենք», նշեց Փաշինեան:

«Մենք գործընկերներ ենք ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Եւրոմիութեան հետ, եւ չենք գտնուիր ոեւէ մէկուն ազդեցութեան տակ»,- շեշտեց ան:

yerakouyn.com/2018/12/11/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail