11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 –
Հռոմի ամէնէն տեսարժան վայրերէն մէկուն՝ «Պորկեզ» զբօսայգիին մէջ պիտի զետեղուի Յովհաննէս Թումանեանի արձանը: Այս մասին Դեկտեմբեր 3-ին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Գալստեան:
«Թումանեանը հայ մշակոյթը ներկայացնող մեծանուն գրող է եւ շուտով պիտի նշուի անոր 150-ամեակը», շեշտեց Գալստեան:
Ըստ անոր՝ «ՊորկԵզ» զբօսայգին աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող վայրերէն է, ուրեմն, այնտեղ զետեղուելիք Թումանեանի արձանը չափազանց յաջող պէտք է ըլլայ:
Անդրադառնալով արձանի հեղինակի ընտրութեան՝ Գալստեան ըսաւ, որ մշակոյթի նախարարութիւնը տակաւին չի գիտեր, թէ որքան դրամ պիտի յատկացուի այս նպատակին համար, այնուհետեւ պիտի յայտարարուի մրցում: «Ցանկալի է, որ հեղինակը հայ ըլլայ եւ ներկայացնէ մեր մշակութային կարողականութիւնը: Վստահ եմ, որ մենք ունինք լաւ քանդակագործներ»,- եզրափակեց Գալստեան:
yerakouyn.com/2018/12/11/