ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին Եւ «Տէյլի Սթար»-ին

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ երկու անջատ նամակներով հակազդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան տարածած եւ լիբանանեան «Տէյլի Սթար» օրաթերթին մէջ 8 դեկտեմբերին լոյս տեսած յօդուածի մը, որուն մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը կը ներկայացուէր իբրեւ «Ազրպէյճանի մէկ մասը, որ 1994-ին վեցամեայ անջատողական պատերազմի աւարտէն ի վեր կը գտնուի Հայաստանի աջակցութիւնը վայելող հայկական ազգային ուժերու վերահսկողութեան տակ»: Մարմինը ընդգծեց, որ նշեալը ո՛չ միայն սխալ ու կողմնակալ պնդում մըն է, այլ նաեւ պարզապէս ազրպէյճանական անհիմն պաշտօնական պնդումին մէջբերում մը:

Մարմինը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի եւ «Տէյլի Սթար»-ի ուշադրութեան յանձնեց, որ Արցախը անկախ պետութիւն մըն է, որ իր անկախութիւնը հռչակած է հիմնուելով Խորհրդային Միութեան ներքին օրէնքներուն եւ միջազգային օրէնքներուն վրայ` աւելցնելով, որ Արցախի ժողովուրդը անկախ եւ Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերուն, ինչպէս նաեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի դէպքերուն ընդմէջէն յստակ երեւող ցեղասպանութեան շօշափելի վտանգէն ազատ ապրելու իր կամքը յստակօրէն արտայայտած է 1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէին ճամբով եւ այդ կամքը վերահաստատած 2006-ին որդեգրելով երկրին սահմանադրութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ պատմական հայկական եկեղեցիներով ու խաչքարերով հարուստ Արցախը Ստալինի կամայական որոշումով կցուեցաւ Ազրպէյճանին, երկիր մը, որ գոյութիւն չունէր 1918-էն առաջ:

Մարմինը կոչ ուղղեց Արցախի մասին որեւէ լուրի հրապարակման ժամանակ նկատի ունենալու այս անհերքելի ճշմարտութիւնը:

aztagdaily.com/archives/419446

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail