Խօսելով ՀԱՊԿ-ի Եւ ՕԹԱՆ-ի Տարբերութեան Մասին` «Մենք Ոեւէ Մէկուն Վիզին Ոչինչ Կը Փաթթենք» Կ՛ըսէ Լաւրով

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ղազախական «Խապար» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)` ՕԹԱՆ-ի համեմատ ունեցած առաւելութիւններուն մասին:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, ՕԹԱՆ-ի համեմատ առաւելութիւնը այն է, որ ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի մէջ չկայ թելադրանք:

«Մեր հասարակաց տան` ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի մէջ, ի տարբերութիւն այլ միութիւններու, օրինակ` ՕԹԱՆ-ի, ոչ մէկ թելադրանք կայ: Մենք ոեւէ մէկուն վիզին ոչինչ կը փաթթենք», յայտարարած է Լաւրով:

Ան նաեւ նշած է, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի քուէարկութիւններու տարբերութիւնները ցոյց կու տան, թէ «ՕԹԱՆ-ի մէջ փոխադարձ զիջումը ի՛նչ գինով կ՛ապահովուի»:

«Այո՛, այնտեղ կայ փոքրամասնութիւն, որ միշտ պատրաստ է լսելու «աւագ եղբօր», իսկ միւս բոլորին պարզապէս կը համոզեն, կը ստիպեն սպառնալիքներու տակ», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրով ընդգծած է, որ ՕԹԱՆ-ի այդպիսի մօտեցումը կարելի չէ բարեկամական կամ գործընկերային անուանել. ատիկա աւելի թելադրանքային է:

aztagdaily.com/archives/419447

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail