12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Աշխատելու Հայաստանի Նոր Խորհրդարանին Եւ Ապագայ Կառավարութեան Հետ
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր քայլ մը նկատեց երկրին մէջ ընտրական հոլովոյթին նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն: Այս մասին կ՛ըսուի Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով բանբեր Մայա Քոսիանչիչի յայտարարութեան մէջ:
«Ինչպէս կը նշուի Միջազգային դէտերու առաքելութեան յայտարարութեան մէջ, այս ընտրութիւնները կատարուած են` «յարգելով հիմնարար ազատութիւնները եւ վայելած են լայն հասարակութեան վստահութիւնը, ինչ որ պէտք է պահպանուի յառաջիկայ ընտրական բարեփոխումներուն ընթացքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ շարունակել ջանքերը` յանուն երկրի ապագայ ժողովրդավարացման ու արդիականացման:
«Մենք կ՛ակնկալենք աշխատիլ ժողովրդավարականօրէն ընտրուած նոր խորհրդարանին եւ ապագայ կառավարութեան հետ` խորացնելու համար մեր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները` հիմնուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրի յանձնառութիւններուն վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Խօսքի Ազատութիւնը Պահպանուած Է» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ
Լրատուական դաշտը բազմազան է, եւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած խօսքի ազատութիւնը պահպանուած է»: Այս մասին կ՛ըսուի ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի, Եւրոպական խորհրդարանի, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի յայտարարութեան մէջ:
«Լրատուամիջոցներու դիտարկումը ցոյց տուաւ, որ պատկերասփռող ընկերութիւնները կը փորձէին բոլոր մասնակիցները ներառել` բազմազան տեղեկատուութիւն ներկայացնելով, ինչ որ պիտի արտօնէր ընտրողներուն գիտակցուած ընտրութիւն կատարել:
«Բազմաթիւ սեփական պատկերասփիւռի կայաններ սերտօրէն կապուած են քաղաքական կուսակցութիւններու, ոմանք ակնյայտ նախընտրութիւն կը ցուցադրեն, մինչդեռ Պետական պատկերասփիւռի կայանը բաւական հաւասարակշռուած լուսաբանում կ՛ապահովէր: Պետական պատկերասփիւռի կայանը կազմակերպեց իսկական բանավէճ, որուն բոլոր քաղաքական ուժերէն թեկնածուներ կը մասնակցէին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Սակայն քաղաքական բանավէճերը, ներառեալ` լրատուամիջոցները, ըստ դէտերուն, նպաստեցին աշխուժ քարոզարշաւին:
Մայիսին որդեգրուած ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները ընդլայնեցին անոնց ցուցակը, որուն մէջ արգիլուած է աշխուժ քարոզարշաւ կատարել, ջնջուեցան լրատուամիջոցներու մէջ դէտերու սահմանափակումները եւ աւելցուեցան ընտրութիւններու առնչուած տուգանքները, ներառեալ ընտրական քարոզարշաւներուն անհատներու հարկադրման կամ ընտրողներ կաշառելու գործակցութեան համար քրէական պատասխանատուութեան սահմանման համար:
Դէտերուն համաձայն, մինչ ատիկա հաշուի կ՛առնէր նախորդ առաջարկները, միւսները, որոնք կապուած են քարոզարշաւի ֆինանսաւորման հետ, բողոքներու դիմումներու, թեկնածուներու եւ համեմատութիւններու վերաբերեալ պահանջներուն, որոնք պէտք է ստանան քաղաքական դաշինքները խորհրդարան անցնելու համար, մատնուած են անուշադրութեան:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ընտրողներու լուսաբանման համապարփակ արշաւ կատարած է` քուէարկութիւնը խթանելու, քուէարկութեան հոլովոյթները բացատրելու եւ ընտրողները կաշառքներէն հեռու պահելու համար: Պետական ծառայողներու վրայ ճնշումը եւ պետական ներուժի չարաշահումը կանխարգիլելու համար` իշխանութիւնները այդ հարցերով տեղական պաշտօնեաներու, դպրոցներու տնօրէններու, առողջապահութեան աշխատակիցներու եւ բնակչութեան այլ շերտերու համար տեղեկացուածութեան բարձրացման արշաւ կազմակերպած էին: Պաշտօնեաները, մասնակիցները եւ ընտրողները իրենք պատրաստակամութիւն յայտնած են քուէներու գնումը կանխարգիլելու:
Ուաշինկթըն. «Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները Կատարուած Են Ազատ Եւ Մրցակցային Պայմաններու Մէջ»
Միացեալ Նահանգներ կը շնորհաւորեն Հայաստանը արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու առիթով եւ կը կարծեն, որ անոնք կատարուած են ազատ եւ մրցակցային պայմաններու մէջ: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գնահատականները, թէ Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները մրցակցային էին, եւ թեկնածուները կարելիութիւն ունէին ազատօրէն իրականացնելու նախընտրական քարոզարշաւը»:
Յայտարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայն են ԵԱՀԿ-ի նախնական եզրակացութեան, թէ Հայաստանի մէջ ընտրական հոլովոյթը լայն հասարակական աջակցութիւն ստացած է, պաշտպանուած են քաղաքացիներուն հիմնարար ազատութիւնները:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` հետեւելու ԵԱՀԿ-ի եւ Վենետիկի յանձնաժողովին տուած խորհուրդներուն` զանոնք ապագայ ընտրութիւններուն մէջ կիրարկելու նպատակով:
Ամերիկեան կողմը Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ աշխատելու, երկկողմանի գործընկերութիւնը խորացնելու, ինչպէս նաեւ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդման ուղղուած համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւոր կը նկատէ նաեւ համագործակցութիւնը փտածութեան դէմ պայքարի, առեւտուրի եւ ներդրումներու զարգացման, շրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ոլորտներուն մէջ:
Ամերիկեան կողմը կ՛ընդգծէ. «Այս տարի Հայաստանի մէջ նշանակալի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է: Միացեալ Նահանգներ 27 տարի աջակցած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթներուն, կառոյցներուն եւ մտադիր են նոյն ձեւով շարունակել»:
Անկելա Մերքել Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել շնորհաւորական հեռագիր յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին: Հեռագիրին մէջ նշուած է, թէ Գերմանիան մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան:
Գերմանիոյ վարչապետը իր հեռագիրին մէջ ըսած է. «Մենք կ՛ուզենք այսուհետեւ եւս մեր աջակցութիւնը յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ վերահաստատել Երեւան կատարած իմ այցելութեանս ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` մեր յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ»:
Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Մասին. «Քուէարկութիւնը Տեղի Ունեցած Է Խաղաղ Մթնոլորտի Մէջ
9 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է հանգիստ մթնոլորտի մէջ` առանց լարուածութեան: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժանմունքի պետ Նունէ Յովսէփեանը` փոխանցելով Պաշտպանի դիրքորոշումը:
«Ընտրական ամբողջ հոլովոյթին Պաշտպանի աշխատակազմը քաղաքացիներուն բարձրացուցած խնդիրներու լուծման նպատակով արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան, ինչպէս նաեւ գրասենեակին հետ: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է դիտորդական ու լրագրողական աշխատանքներու ապահովման», յայտնեցին Պաշտպանի աշխատակազմէն:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու օրը Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի կեդրոնական եւ մարզային ստորաբաժանումներու, ինչպէս նաեւ ստորաբաժանում չունեցող մարզեր գործուղուած աշխատանքային խումբերու թէժ-գիծ հեռաձայնային թիւերուն հասած է ընտրական հոլովոյթին վերաբերող 89 ահազանգ, ուսումնասիրուած եւ վերլուծուած են լրատուամիջոցներուն մէջ Երեւանի եւ մարզերու տեղամասերուն մէջ հաւանական իրաւախախտումներու վերաբերեալ տեղ գտած աւելի քան 870 հրապարակումներ:
aztagdaily.com/archives/419630