Մաքրոնի Ուղերձը Ուշացած Նկատելով` Ֆրանսայի Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն Շարունակելու Ցոյցերը

12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՖՐԱՆՍԱ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան եւ «Չընկրկած Ֆրանսա» ձախակողմեան կուսակցութեան ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն քննադատած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած ուղերձը:

Ֆրանսական «Լիպերասիոն» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է. «Մաքրոն սխալած է դարաշրջանի հարցին մէջ: Ան սկսաւ նախատել ժողովուրդը եւ ոչ մէկ խօսք ըսաւ վիրաւորներուն մասին»: Անոր կարծիքով` նախագահը մոռցած է քաղաքացիներու այնպիսի աղքատ դասակարգերուն մասին, ինչպիսիք են գործազուրկները, մասնակի աշխատանք ունեցողները, ուսանող երիտասարդութիւնը:

Ձախակողմեան քաղաքական գործիչը կը նշէ, որ պայքարը պէտք է շարունակուի, եւ բողոքի ցոյցերու արշաւի հերթական քայլը նախատեսած է յառաջիկայ շաբաթ օր: «Քաղաքացիական յեղափոխութիւնը մեծագոյնը պիտի ըլլայ», խոստացած է Մելանշոն:

Օրաթերթը նաեւ կը մէջբերէ խորհրդարանին մէջ ընկերվարականներու խմբակցութեան ղեկավար Վալերի Ռապոն, որ նախագահի ելոյթը նկատած է «ուշացած պատասխան, տեսողական պատրանք»:

Առաւել ազդեցիկ աշխատաւորական միութիւններէն մէկուն` Աշխատանքի ընդհանուր համադաշնակցութեան մէջ բողոքի նոր ցոյցերու կոչ ուղղած են: Այդ միութեան ղեկավար Ֆիլիփ Մարթինեզ «Ֆրանս Ինֆօ» ձայնասփիւռի կայանէն կոչ ուղղեց 14 դեկտեմբերին ցոյցեր կատարելու «դեղին բաճկոններ»-ուն հետ:

«Հանրապետութեան նախագահը ոչինչ հասկցած է, ան չ՛ուզեր հասկնալ այն ցասումը, որ վերջին շաբաթներուն սկսաւ աւելի ուժգին արտայայտուիլ», ըսաւ Մարթինեզ: «Ան կ՛առաջարկէ Ֆրանսայի մէջ 100 եւրոյով բարձրացնել ամսական նուազագոյն աշխատավարձը: Ատիկա շատ հեռու է այն բանէն, ինչ որ կը պահանջենք: Ան չի ճշդեր, թէ ո՛վ պիտի վճարէ», ըսաւ Մարթինեզ:

Մինչ այդ, «Էլ.Սէ.Ի.» պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց «Օփինիըն Ուէյ» ընկերութեան հարցախոյզի տուեալները, որոնց համաձայն, հարցախոյզի մասնակիցներուն 78 առ հարիւրը հաւանութիւն կու տայ տուրքերու նուազեցման, իսկ 68 առ հարիւրը` ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 100 եւրոյով բարձրացնելուն: Ֆրանսացիներուն 54 առ հարիւրը համոզուած է «դեղին բաճկոններ»-ու բողոքները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան, իսկ 45 առ հարիւրը կը զօրակցի անոնց շարունակման:

Երկրին մէջ շարժումին զօրակցութեան մակարդակը գրեթէ չէ փոխուած` 66 առ հարիւր: Միեւնոյն ժամանակ հարցախոյզի մասնակիցներուն 50 առ հարիւրը նախագահի ուղերձը նկատած է անհամոզիչ, իսկ 49 առ հարիւրը հաւատացած է Մաքրոնի խօսքին:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահը մասնաւորաբար խոստացած էր 2019-էն սկսեալ ամսական նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել 100 եւրոյով, այս տարուան վերջաւորութեան լրացուցիչ տուրքի չենթարկուող պարգեւավճար աշխատող ֆրանսացիներուն, տուրքերու ջնջում այն թոշակառուներուն համար, որոնց թոշակը ցած է 2 հազար եւրոյէն: Ան նաեւ դատապարտած է ցոյցերու ընթացքին ոստիկաններուն դէմ բռնութիւնը:

aztagdaily.com/archives/419600

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail