12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան ուսումնարանի Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի ուսումնասիրման կեդրոնի փորձագէտ Անտրէյ Արեշեւ կը կարծէ, որ արտաքին շարք մը գործօններու պատճառով չի յաջողիր հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորել։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով
Sputnik.com.tr-ը։
Ըստ փորձագէտին՝ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները չեն կարգաւորուիր նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առկայ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններուն պատճառով։
Արտաքին գործօններու շարքին՝ ռուս փորձագէտը մատնանշած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, ուր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դիրքորոշումները չեն համընկնիր։
Ան յիշեցուցած է, որ նոյնինքն ղարաբաղեան հարցով Թուրքիոյ ներկայացուցած պահանջներուն պատճառով էր, որ չյաջողեցաւ 2009-ին ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները կեանքի կոչել, որն էլ պէտք է հիմք հանդիսանար շարք մը խնդիրներու լուծման համար։
yerakouyn.com/2018/12/12/