Հայաստանի Ընտրութիւնները՝ Ժողովրդավարութեան Յաղթանակ. Հայ Դատ

12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՍՓԻՒՌՔ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 10 Դեկտեմբերին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Հայաստանի քաղաքացիները՝ ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ ընտրութիւնները առանցքային իրագործում մը ըլլալով՝ կը հանդիսանան ժողովրդավարութեան յաղթանակ, նոր դարաշրջան մը բանալով հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան պատմութեան մէջ:

Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը շեշտէ, որ արդէն իսկ աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահագներու հիմնական ուժերուն հետ՝ խաղաղ, սահմանադրական եւ ժողովրդավարական անցումը ապահով կերպով շարունակելու նպատակով եւ շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջխաղացը անհրաժեշտ է վերածել իրագործելի ծրագիրներու, որոնք պիտի խորացնեն հայ-ամերիկեան շահաբեր համագործակցութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ:

«Երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման աջակցելուն զուգահեռ, մենք աչալուրջ պիտի մնանք եւ դէմ պիտի դնենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարածքին, որպէսզի առիթ չտանք, որ այս անցումային շրջանին փորձ կատարուի շահագործելու, մեկուսացնելու կամ յարձակում գործելու Հայաստանի կամ Արցախի վրայ», կը շեշտէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր յայտարարութեան մէջ:

asbarez.com/arm/332455/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail